2012-11-26 13:04:33

Արիւնալի Կիրակի մը Նիճէրիայի Մէջ։ Ահաբեկչական Յարձակում Բողոքական Եկեղեցիի մը Դէմ։ 11 Մեռեալներ եւ Տասնեակ Վիրաւորներ։


Նիճէրիայի մէջ 11 հոգի զոհ գացին ականուած երկու ինքնաշարժերու պայթումին, անձնասպանական գործողութեան մը հետեւանք։ Անգամ մը եւս կասկածները կ՝ուղղուին Պօքօ-Հարամ կոչուած ահաբեկչական խումբին ։ Միւս կողմէ Ապուժա-ի Արքեպիսկոպոսը Նորընտիր Կարտինալ Օնաի-եքան խօսելով Վատիկանի Ռատիոկայանին ըսաւ որ ՝՝ Պօքօ-Հարամը Երկրի իսլամ աշխարհին մէջ կը ներկայացնէ ՝՝ բացառութիւն մը,անկանոնութիւն մը՝՝, որովհետեւ Նիճէրիացի Իսլամները չեն ներկայացնէր Պօքօ-Հարամը։
Անգամ մը եւս իմաստազուրկ ու անարդարանալի արիւնահեղութիւն մը Նիճէրիայի քրիսոտնեաներուն դէմ։ Ահաբեկչական արարքը տեղի ունեցաւ կիրակնօրեայ Պատարագէն ետք,Բողոքական Եկեղեցիի մը դէմ ,որ կը գտնուի Գատունայէն շուրջ 30 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Ժաժի կոչուած աւանի Նիճէրիայի Կառավարական բանակի Զօրանոցին մէջ։
Ականուած երկու ինքնաշարժեր,երկու քամիքազ վարորդներով (անձնազոհեր) պայթեցան մահ սփռելով իրենց շուրջը,եւ թէ ահաբեկչական արարքը տեղի ուեցաւ զինուրներու աչքին առջեւ, վայրի մը մէջ, որ բնականաբար կը նկատուէր աւելի քան ՝՝ապահով՝՝ վայր մը։ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.