2012-11-25 12:14:55

Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը


Կիրակի 25 նոյեմբեր 2012 կէսօրին,Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանհն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ իր ներկայացուցած խորհրդածութեան ընթացքին Սրբազան Հայրը վերյիշեց օրուան ծիսական ''Յիսուս Թագաւոր Տիրեզերքի'' տօնակատարութիւնը ու մեկնաբանեց այդ տօնին նշանակութիւնը շեշտը դնելով Յիսուսի թագաւորութեան յատկանշական երեւոյթին որ է Սէր։Անոր թագաւորութիւնը - ըսաւ Սրբազան Հայրը - չի հիմնուիր իշխանութեան, փառքի, ու հարստութեան վրայ այլ մեզ մեղքէն ազատագրելու, խաչի զոհաբերումի` սիրոյ վրայ։
Նորին Սրբութիւնը ապա հրաւիրեց ''Թոյլ տանք Քրիստոսին որ մեր սրտերը դարձի բերէ որպէսզի հասկնանք թէ մարդու մեծութիւնն ու լիութիւնը Աստուծոյ մէջ կը գտնուի ու նաեւ ընկալուած ու շնորհուած սիրոյ մէջ։
Սրբազան հայրը հուսկ հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթելու նոր կարդինալներուն դիտաւորութեան որպէսզի Սուրբ Հոգին զանոնք ամրապնդէ հաւատքի ու սիրոյ մէջ ու անոնց վրայ զեղու իր շնորհքները որպէսզի իրենց նոր պատասխանատութիւնը ապրին որպէս նոր նուիրում` Քրիստոսի ու անոր թագաւորութեան ի սպաս։
Պենետիկտոս ԺԶ ապա ընգծեց թէ նոր անուանուած կարդինալները կը ներկայացնեն եկեղեցւոյ ''տիեզերականութիւնը'' ու հայցեց Տիրամօր բարեխօսութիւնը որպէսզի օգնէ բոլորը` Տիրոջ երկրորդ գալուստի սպասումը ապրելու, բացագանչելով ''Թող գայ արքայութիւնդ''։
Հուսկ զանազան լեզուներով ողջունելէ ետք ներկաները, ֆրանսերէնով յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղեց լիբանանցի ուխտաւորներուն որ հռոմ ժամանած են մասնակցելու Մարոնիներու Ռայի Պատրիարքի կարդինական տիտղոսի տուչութեան արարողութիւններուն։
Սրբազան հայրը ապա ջամբեց իր հայրական օրհնութիւնը բարի կիրակի մաղթելով բոլորին։








All the contents on this site are copyrighted ©.