2012-11-24 13:06:18

Նոր Երանուհի մը։ Մարիա Թրոնքաթթի


24 Նոյեմբերին Էքուատորի հարաւ-արեւելեան կողմը գտնուող Մաքաս քաղաքի մէջ Խորաններու Պատւոյն արժանացաւ Օգնական Տիրամօր Դուստրերու Միաբանութենէն ուխտեալ մայրապետ Մարիա Թրոնքաթթին։ Երանացման հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագը գլխաւորեց որպէս Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի ներկայացուցիչ Կարտինալ Անճէլօ Ամաթօ Սուրբերու Դատի Ժողովի Կառավարիչը։
Նոր Երանուհին կը ծնի Իտալիոյ Պրէշա քաղաքի հազար մէթր բարձրութեան վրայ գտնուող Գօրթէնօ Կոլկի անուան փոքր աւանը 16 փետրուար 1883ին գեղջուկ ծնողքէ մը,որոնց ութը զաւակները դեռ երախայ մեռած էին եւ Մարիա-ն իր ծնողքին վերապրող վեց զաւակներէն երկրորդն էր ։
Աստուծոյ Աղախին Մարիա Թրոնքաթթիի կենսագրականը կը ներկայանայ Միսիոնարական զօրաւոր դրոշմի մը յատկանիշներով ։
Հնազանդելով իր հօրը ու գիւղի Ժողովրդապետին կը սպասէ որ չափահաս ըլլայ որպէսզի արտայայտէ իր փափաքը մուտք գործելու Օգնական Տիրամօր Դուաստրերու Միաբանութիւնը։ Ան իր առաջին ուխտը կը կատարէ 1908ին ։ Ա.ին Համաշխարհային Պատերազմին (1915-18 ) կը հետեւի հիւանդապահական դասընթացքի մը ,աշխատելով միաժամանակ որպէս Կարմիր Խաչի բուժքոյր տեղւոյն զինուորական հիւանդանոցին մէջ,փորձառութիւն մը որ իրեն համար պիտի հանդիսանար մեծապէս թանկագին երբ պիտի գտնուէր Էքուատորի ամազոնեան անտառներուն մէջ։
Արդարեւ 1922ին կը մեկնի Էքուատօր տեղացի ՝՝Սըհուար՝՝ անունով ցեղախումբի մօտ, ուր իր երկու միաբանակից քոյրերուն հետ միասին կը սկսի Աւետարանացումի դժուարին առաքելութեան։ Քոյր Մարիա Թրոնքաթթի կը ծաղկեցնէ իր գտնուած բոլոր վայրերը որպէս ՝ բուժքոյր,վիրաբոյժ եւ ոսկրաբան ,ատամնբաբոյժ եւ զգայազրկիչ մասնագէտ ...բայց եւ մասնաւորապէս կրօնագիտութեան ուսուցիչ՝ մեծապէս հարուստ հաւատքի սքանչելի կենսամիջոցներովը ,համբերութեամբ եւ եղբայրական սիրով։
Քոյր Մարիա կը մեռնի օդանաւի արկածի մը հետեւանք Սուքուա 25 Օգոստոս 1969ին։ Մարիմնը կը հանգչի Մաքաս-ի մէջ ուր Երանուհի Հռչակուեցաւ այսօր։








All the contents on this site are copyrighted ©.