Վիրահայոց Թեմը Կը Խնդրէ Ֆինանսաւորել Կրօնական Փոքրամասնութիւնները։
Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Վիրահայոց թեմը խնդրած է, որ Վրաստան ֆինանսաւորէ ո՛չ միայն
վրացական ուղղափառ եկեղեցին, այլ նաեւ կրօնական փոքրամասնութիւնները: 19 Նոյեմբերին
նոր կառավարութեան եւ միջկրօնական խումբի հանդիպման ընթացքին այս խնդրանքը ներկայացուցած
է թեմի առաջնորդի խորհրդական, իրաւական բաժինի ղեկավար Լեւոն Իսախանեանը: Հանդիպման
ներկայ եղած են արդարադատութեան նախարար Թէա Ցուլուկիանին, Վերահամարկման հարցերով պետական
Նախարար Պաատա Զաքարեշվիլին, Մարդու Իրաւունքներու Պպաշտպանութեան Խորհրդարանական Յանձնաժողովի
Նախագահ Էկա Պեսելիան եւ Պատգամաւոր Զախարիա Քուցնաշվիլին: