2012-11-23 12:43:57

Հաւատքի Տարուան Առթիւ Վատիկանը Հաւատքի Յուշամատեան Մը Տրամադրած է Ուխտաւորներուն։


Հաւատքի տարուան առթիւ (2012 - 2013) Վատիկանը յուշամատեան մը տրամադրած է Հռոմ այցելող ուխտաւորներուն ուր անոնք պիտի կարենան արտայայտել իրենց հաւատքի մասին վկայութիւններ ինչպէս նաեւ ներկայացնել իրենց աղօթքի դիտաւորութիւնները։ Այս յուշամատիանով առիթ կը տրուի ուխտաւորներուն հաւաքաբար ապրելու ու արտայայտուելու հաւատքի մասին։ Առանց մոռնալու սակայն որ հաւատքի ներգործութիւնը միշտ կը մնայ անհատական։








All the contents on this site are copyrighted ©.