2012-11-23 13:04:28

ՀԱՒԱՏՈՅ ՏԱՐԻ
Հաւատամք ի ՄԻ ԱՍՏՈՒԱԾ


Մեր նախորդ հաղորդումին մէջ ըսինք թէ, եթէ Աստուած ԱՆԻՄԱՆԱԼԻ է, եւ ԱՆՀԱՍԱՆԵԼԻ, ինչպէ՞ս ուրեմն մեր հաւատքը կը յայտնենք անոր հանդէպ:
Պատասխան
Որպէսզի մեր հոգին կարենայ բարձրանալ մինչեւ զԱստուած, որ ամէն բանէ անհունօրէն բարձր է, հարկ որ բոլորովին զերծ ըլլայ զգայարանքներէ: Բայց ասիկա անկարելի է ներկայ կեանքի ընթացքին:
Հակառակ անոր, Աստուած Ինքն իր մասին վկայութիւններ թողած է մեզի, ինչպէս կ՛ըսէ Սուրբ Պօղոս. « Որովհետեւ ինքն է որ մեզի կը ղրկէ անձրեւը եւ պտուղներու նպաստաւոր եղանակները. Ինքն է որ առատութեամբ կու տայ մեզի հարկաւոր կերակուրները, որ մեր սիրտը կ՛ուրախացնէ: Ահա թէ ինչու իմաստասէրները չեն կրցած Աստուծոյ մէջ որեւէ անկատար բան մը երեւակայել. անոնք, բոլորովին անարժան սեպած են Անոր վերագրել մարմին, կամ բաղադրութիւն. անոնք, զԻնքը նկատած են ամէն բարիքի կատարելութիւնը եւ անսպառ ու մշտնջենաւոր Աղբիւրը բարութեան եւ սիրոյ: Անոնք զինքը կոչած են՝ ԻՄԱՍՏՈՒՆ, ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԱՂԲԻՒՐ, եւ ԲԱՐԵԿԱՄ, ԱՐԴԱՐ, ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԲԱՐԵՐԱՐ: Անոնք իրեն տուած են բազմաթիւ ուրիշ անուններ, որոնք կը յայտնեն անոր բացարձակ կատարելութիւնը:
Բայց, այս ճշմարտութիւնները շատ աւելի յստակ կերպով կը բացայայտուին մեր Գիրքին մէջ, օրինակ՝ Աստուած ՀՈԳԻ է: (Յովհ. Դ, 24), եւ կամ ԿԱՏԱՐԵԱԼ եղէք, ինչպէս ձեր երկնաւոր Հայրը (Մտթ. Ե, 48): Աստուած ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ է (Հռոմ. Գ, 4): Ես եմ ՃԱՆԱՊԱՐՀ, ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ եւ ԿԵԱՆՔ (Յովհ. ԺԴ, 6): Քու աջդ, Տէր, լի է ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՄԲ (Սղմ. 47, 11)
Ահա այն իսկապէս մեծ եւ հոյակապ գաղափարները, զորս թէ իմաստասէրները եւ թէ Սուրբ Գիրքը մեզի կը բացայայտեն Աստուծոյ բնութեան մասին: Եւ սակայն զԱստուած հասկնալու համար պէտք ունինք վերնական յայտնութեան: Այս վերնական յայտնութիւնը կու գայ մեզի միայն ու միայն հաւատքէն: Արդ ամէն ինչ որ հաւատքը մեզի կը սորվեցնէ Աստուծոյ մասին բովանդակուած է, ինչպէս նախապէս ըսած էինք, Հանգանակի յօդուածներուն մէջ:
Ի՞նչ կը հասկնանք երբ կը դաւանենք ՄԷԿ ԱՍՏՈՒԾՈՅ
Երբ կ՛ըսենք «կը հաւատանք մէկ Աստուծոյ» կը նշանակէ թէ կը խոստովանինք թէ միայն ՄԷԿ Աստուած կայ եւ թէ չկան բազմաթիւ Աստուածներ: Կը Ճանչնանք որ Աստուած գերագոյն Բարութիւնն է եւ Կատարելութիւնը ինքնին: Արդ, անկարելի է որ բացարձակ կատարելութիւնը գոյութիւն ունենայ բազմաթիւ էակներու մէջ: Որովհետեւ, ան որուն կը պակսի ամենափոքր բանը, ունենալու համար Գերագոյն եւ Բացարձակ Կատարելութիւնը, նովին գործով կը հանդիսանայ անկատար եւ հետեւաբար չի կրնար Աստուած ըլլալ:
Այս Ճշմարտութիւնը հաստատուած է Սուրբ Գիրքի բազմաթիւ անցքերուն մէջ. այսպէս գրուած է՝ «Լսէ՛, Իսրայէլ, մեր Տէր Աստուածը՝ միակ Աստուածն է (Երկ. Օր. Զ, 4): Ասկէ զատ Տիրոջ պատուէրն է. «Իմ առջեւս ուրիշ Աստուած պիտի չունենաս» (յԵլից, Ի, 3):
Ուրեմն, Քրիստոնէական Հաւատքը կը հաւատայ եւ կը դաւանի թէ միայն մէկ Աստուած կայ, բնութեամբ, գոյացութեամբ եւ էութեամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.