2012-11-23 12:44:33

Աւետարանի Ընթերցումը Տան Մէջ Կ՛անցնի ս. Մարկոսի Աւետարանէն ս. Ղուկասի Աւետարանը։


Աւելի քան 120 անհատներ մասնակցեցան ''Աւետարանի ընթերցումը տան մէջ'' նախաձեռնութեան ներկայացումին, որ ս. Մարկոսի Աւետարանէն կ'անցնի ս. Ղուկասի Աւետարանի ընթերցման։ Աստուածաշունչի ընթերցումը տան մէջ կազմակերպուած է Զուիցերիոյ Լոզան, Ժընեւ եւ ֆրիպուրկ թեմերէն։ Զուիցերիոյ քրիստոնեական կազմաւորումի եւ հովուութեան պատասխանատու` տիկին Մարի Տոմենիք Մինասեան իր խնդակցութիւնը յայտնեց ի տես բարձր թիւին մասնակցութեան եւ ընդգծեց Աւետարանի ընթերցողներու դիմագրաւած դժուարութիւնները ս. Մարկոսի Աւետարանի կարգ մը գլուխներու շուրջ։ Նշենք որ այս նախաձեռնութեան նպատակն է շրջեցնել Աստուծոյ խօսքը եւ խորհդածել անոր վրայ։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կը խրախուսէ բոլոր հաւատացեալները կարդալ ս. Գիրքը ու դառնան քարոզիչները Աստուծոյ խօսքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.