2012-11-22 12:14:04

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Պատգամը Քահանայապետական Կաճառներու Հրապարակային 17-րդ Նիստին Առթիւ։


Չորեքշաբթի 21 նոյեմբերի յետմիջօրէին, Վատիկանի Պիոս Ժ-րդ քահանայապետի նուիրուած պալատին մէջ, տեղի ունեցաւ քահանայապետկան կաճառներու հրապարակային 17-րդ նիստը, որուն նիւթն էր. ''Գեղարուեստագէտը, Եկեղեցւոյ նման, վկայ է հաւատքի գեղեցկութեան''։
Աշխատանքները սկիզբ առին Մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` Կարդինալ Ռավազիի զեկուցումով ու ապա խօսք առաւ Ս. Աթոռի Պետական քարտուղարը` կարդինալ Թարչիզիօ Պերթոնէ որ ներկաներուն կարդաց Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի յղած պատգամը։
Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը կը գրէ. այս տարուայ ձեր հրապարակային նիւթը կը յարի Հաւատքի տարւոյն նիւթին հետ, որ ունի որպէս կէտնպատակ ամրապնդել հաւատացեալը հաւատքի զօրութեամբ ու գեղեցկութեամբ։
Գեղարուեստագէտը կարելի է նկատել որպէս առանձնաշորհեալ վկայ մը հաւատքի գեղեցկութեան։ Ան իր կարգին կանչուած է իր սատարը տալու Եկեղեցւոյ կոչումին ու անոր առաքելութեան, մասնաւորապէս երբ անոր ստեղծագործութիւնները անմիջական կապ ունին հաւատքի նիւթին հետ։
Նորին Սրբութիւնը ապա իր պատգամին մէջ կոչ կ'ուղղէ քրիստոնեայ գեղարուեստագէտներուն, որպէսզի հաւատքի այս տարուան առթիւ, իրենց ստեղծագործութիւններով դրականօրէն ցոլացնեն հաւատքին գեղեցկութիւնը Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ` ճշմարիտ պատկերը Աստուծոյ փառքին, որ կը լուսաւորէ մարդկութեան պատմութիւնը։
Իր պատգամին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը կը գրէ. առ ի քաջալերանք երիտասարդ գեղարուեստագէտներու, որոնք իրենց ստեղծագործութեամբ կ'ուզեն սատարել քրիստոնէական նոր մարդաբանութեան իրականացումին, կ'ուզեմ յանուն քահանայապետկան կաճառներու մրցանակ մը շնորհել անոնց որոնք մասնաւորապէս յատկանշուեցան նկարչութեան ու քանդակագործութեան մարզերու մէջ։
Նշենք որ պատգամին աւարտին կարդինալ Պերթոնէն` յանուն Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին մրցանակ շնորհեց լեհ գանդակագործ Աննա Կուլաքին եւ սպանացի նկարիչ Տաւիտ Ռիպէս Լոբէսի։
Վերջապէս առ ի քաջալերանք ու գնահատանք քահանայապետական մետալ մը շնորհուեցաւ նաեւ իտալացի երիտասարդ քանդակագործ Եագոբօ Գարտիլլոյին։
Սրբազան Քահանայապետը բոլոր ներկաներուն իր առաքելական օրհնութիւնը շնորհելով մաղթեց որ զանազան մարզի պատկան գեղեարուեստագէտները աւելի յանձնառումով նուիրուուին իրենց ստեղծագործութիւններուն մէջ, ներշնչում քաղելով Հաւատքի տարիէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.