2012-11-22 12:14:03

Հայր Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեան՝ Պուտափէշթի Հայ Կաթողիկէներու Պատարագիչ Առաքեալի Անդրանիկ Պատարագը։


Հայր Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեան՝ Պուտափէշթի Հայ Կաթողիկէներու Պատարագիչ Առաքեալի Անդրանիկ Պատարագը։
Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս պատրիարքը յատուկ գիրով մը անուանեց գերապատիւ Հ. Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեանը, որպէս պատարագիչ առաքեալ Հունգարիոյ Պուտափէշթ քաղաքի հայ կաթողիկէներուն։
Տէր Աւետիք, անցեալ հոկտեմբերին՝ Ս Պատարագ մատուցած էր Պուտաբեշդի հայ կաթողիկէ համայնքին. կարդինալ Փեթեռ Էրտէօ' տեղւոյն լատին արքեպիսկոպոսը,առաջնորդն է նաեւ Պուտաբեշդի հայ կաթողիկէ համայնքին ։
Ըստ ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ 17 նոյեմբերին՝ քահանայից հանդիպումի օրուան ընթացքին կատարած յայտարարութեան, Տէր Աւետիք մերթ ընդ մերթ պիտի այցելէ Հունգարիոյ հայ կաթողիկէ համայնքին եւ պիտի պատարագէ տեղւոյն հայ կաթողիկէ մատուռին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.