2012-11-22 13:23:41

Լիբանանի Անկախութեան Նուիրուած Տօնակատարութիւն Պէյրութի Մեսրոպեան Վարժարանին Մէջ։


Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ, Չորեքշաբթի, 21 Նոյեմբերին, տեղի ունեցաւ Լիբանանի անկախութեան իւրայատուկ հանդիսութիւն, մասնակցութեամբ՝ Լիբանանեան բանակի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու, Երեսփոխանական գրասենեակի պատասխանատու՝ պրն. Պարոյր Տէր Ղուկասեանի, Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ գերյ. Հ. Սարգիս Ծ. Վրդ. Դաւիթեանի, կրթական պատասխանատուներու ու Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարաններու աշակերտութեան:
Բարի գալուստի խօսքին մէջ Սանտրա Չէօլմէքեան, նշեց որ 22 Նոյեմբերը անմոռանալի օր մըն է` պատիւի, ազատութեան եւ անկախութեան օրն է լիբանանցիներու ու նաեւ Լիբանանահայերուն։
Այս առթիւ Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտութիւնը եւ երգչախումբը (խմբավարութեամբ պրն. Մանուէլ Քէշիշեանի) ներկայացուցին կոկիկ գեղարուեստական յատագիր մը, որուն ճամբով աշակերտները արտայայտեցին Լիբանանին նկատմամբ իրենց կարծիքներն ու կեցուածքները:
Ապա Լիբանանեան բանակի մասնայատուկ ուժերու դիմադրութեան ջոկատը տողանցքով սկսաւ զինուորական վարժութիւններուն ցուցադրութիւնը: Վարժարանի տանիքներէն պարաններով եւ յատուկ ձեւերով իջնելու ցուցադրութիւնը կատարելէ ետք, ջոկատը զրահապատի մը ընթացքը դադրեցնելու փորձը ներկայացուց: Վերջին բաժինով, զինուորները կրակէ օղակին մէջէն անցնելու եւ ինքնապաշտպանութեան յատուկ ձեւերու փորձեր կատարեցին: Այս ոգեւորիչ մթնոլորտը աշակերտութեան մօտ յառաջացուց մեծ խանդավառութիւն:
Աւարտին, խօսք առաւ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ, որ նշեց, թէ Լիբանանեան բանակը երկրի ապահովութեան միակ երաշխիքն է, եւ որուն բացակայութեամբ երկրին կայունութիւնը կը վտանգուին: Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնը յայտնեց, որ բանակը իրաւունքի պաշտպանութեան ուժն է, հայրենիքի պահապանն է, որ հպարտութեան զգացումը կը փոխանցէ լիբանանցիներուն: Պրն. Գալուստ շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանեան բանակի մասնայատուկ ուժերուն, որոնք ընդառաջեցին Մեսրոպեան վարժարանի հրաւէրին եւ իրենց ներկայութեամբ անկախութեան տօնակատարութեան տուին գոյն, եռանդ եւ իւրայատկութիւն: Այս առիթով, պրն. Կրէկուար Գալուստ գնահատանքի յուշանուէր մը յանձնեց քափիթեն Ռօժէ Շըտիտին, մինչ «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրին աշակերտները ծաղիկներ նուիրեցին զինուորներուն:
Տօնակատարութենէն առաջ, Մեսրոպեան վարժարանի երկրորդական դասարաններու աշակերտները դիտեցին Լիբանանեան բանակի մասնայատուկ ուժերուն նուիրուած երկու տեսերիզներ, որոնց մասին զեկուցեց եւ յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցեց քափիթեն Ռօժէ Շըտիտ:








All the contents on this site are copyrighted ©.