2012-11-22 13:12:24

29 Նոյեմբերը ՜՜Աղքատութիւնը Ու Զայն Դիմագրաւելու Ու Ջնջելու Միջոցները Որոնելու Օր ՝՝ ՜՜Ինչո՞ւ Աղքատութիւն՝՝ Թեմայով։


Այսօր կ՝անդրադառնանք Հայաստանի մէջ աղքատութեան մասին։
Հայաստանի երեխաներու 40 տոկոսը կ' ապրի աղքատութեան մէջ։ Այս մասին յայտնեց ,Երեխաներու պաշտպանութեան ցանց-ի նախագահ Միրա Անտոնեանը՝` ներկայացնելով ,Երեխաներու պաշտպանութեան ցանց-ի գործունէութեան արդիւնքներն ու յառաջիկայ ծրագրերը, որոնց նպատակն է բարեփոխումներ իրականացնել երեխաներու ընկերային պաշտպանութեան ոլորտին մէջ։
Միրա Անտոնեան նշեց, որ ցանցի մէջ ընդրկուած են երեխաներու պաշտպանութեան ոլորտում հարուստ փորձ ունեցող մէկ տասնեակէն աւելի հասարակական կազմակերպութիւններ։
Մեր նպատակն է, ըսաւ ան, օգնել դժուար վիճակում յայտնուած երեխաներին։ Պէտք է նաեւ սատարել ընտանիքներին, անել ամէն բան, որ երեխան մեծանայ լիարժէք ընտանիքում, այս ոլորտում առաջին հերթին պէտք է լինի պետական վերահսկողութիւն։ Ան նշեց նաեւ, որ ,Երեխաներու պաշտպանութեան ցանց-ն արդէն կը համագործակցի Սեւծովեան տարածաշրջանային ChildPact խումբին հետ, որուն կ' անդամակցին այս ոլորտում ութ երկրներէ աւելի քան 500 կազմակերպութիւններ։ Անդամակցելով այս միութեանը՝` Ցանցը նպատակ ունի ազդեցութիւն ունենալ Եւրոպայի Միութեան որոշումներու վրայ, ինչպէս նաեւ փորձի փոխանակումներ կատարել' նպաստելով ցանցի գործունէութեան՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.