2012-11-21 12:58:22

Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ Համայնքին Պիտի Վերադարձուի Համայնքին Պատկանող Գերեզմանոցի Տարածքը։


Պոլսոյ Մեճտիյէքոյ թաղա-շրջանին մէջ գտնուող Հայ Կաթողիկէ համայնքին պատկանող գերեզմանատունը, որ 82 տարի առաջ բռնագրաւուած էր, պիտի վերադարձուի համայնքին. այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հապերթիւրք» օրաթերթի կայքէջը:

Թուրքիոյ հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութիւնը արտօնած է, որ գերեզմանոցի 40,500 քառակուսի մեթր տարածքը յանձնուի Պոլսոյ Հայ-Կաթողիկէ Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի հիմնադրամին: Վարչութեան հաղորդած տեղեկութեան համաձայն՝ երբ Պոլսոյ շրջանային իշխանութիւնը հաստատէ որոշումը, անմիջապէս պիտի սկսին տարածքի սեփականաշնորհումը եւ զայն հիւանդանոցի հիմնադրամին անունով արձանագրելու աշխատանքը:
Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի հիմնադրամի նախագահ Պեռնար Սարըպայ ողջունած է գերեզմանոցի տարածքը վերադարձնելու որոշումը:
Գերեզմանոցի տարածքը, 1930ին տրուած որոշումով մը յանձնուած էր Պոլսոյ քաղաքապետարանին: Հակառակ այն հանգամանքին, որ գերեզմանոցի սեփականաշնորհման վերաբերեալ ոչ մէկ փաստաթուղթ եղած է համայնքին մօտ, այդուհանդերձ, մինչ օրս համայնքը կը շարունակէ թաղումները իրականացնել Մեճտիյէքոէյ-ի հայկական գերեզմանոցին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.