2012-11-21 13:33:23

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հօր Կոչը Իսրայել - Պաղեստին Ընդհարումներու Դադրեցումին ի Սպաս։


Այսօր 21 նոյեմբեր 2012 -ի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը սրտաբուխ կոչ մը ուղղեց Իսրայել - Պաղեստինեան բախումներու ի տես։

<<Մեծ մտահոգութեամբ կը հետեւիմ իսրայելացիներու եւ պաղեստինցիներու միջեւ տեղի ունեցած բռնութիւններու վատդարացումին։ Զոհերուն եւ տարապեալներուն աջակցութեան կողքին հարկաւոր է որ անգամ մը եւս կրկնեմ թէ ատելութիւնն ու բռնութիւնները խնդրիները չեն լուծեր, արդ կը քաջալերեմ այն ձեռնարկները եւ ջանքերը որ կը ձգտին զինադադարի եւ բանակցութեան սեղանի հաստատումին։ Կը յորդորեմ երկու ժողովուրդներու իշխանութիւնները խաղաղութեան իո սպաս համարձակ որոշումներ որդեգրելու եւ վերջ դնելու հակամարտութեան որ ժխտական հետեւանքներ ունի համայն միջին արեւելեան շրջանի վրայ. որ արդէն կը տառապի եւ խաղաղութեան ու հաշտութեան մեծ կարիք ունի։ >>







All the contents on this site are copyrighted ©.