2012-11-21 12:54:11

Մահացած Ժողովրդական Արուեստագիտուհի Ֆլորա Մարտիրոսեանը.


Միացեալ Նահանգներու մէջ մահացած է Հայաստանի ժողովրդական արուեստագիտուհի Ֆլորա Մարտիրոսեանը։ Ան հիւանդանոց կը գտնուէր լեղապարկի վիրահատութեան ենթարկուելու համար, սակայն վիրահատութեան ընթացքին ծագած բարդութիւնները դժբախտաբար պատճառ դարձած են անոր մահուան։
5 Փետրուար 1957ին, Գիւմրիի մէջ ծնած Ֆլորա Մարտիրոսեան հիմնադիրն է ՝՝Կոմիտասի՝՝ անուան Միջազգային Երաժշտական Դպրոցին, «Արուեստագէտներ Խաղաղութեան Համար» բարեսիրական կազմակերպութեան, ինչպէս նաեւ «Երբեք Կրկին» կոչուած մշակութային շարժման նախաձեռնողը հանդիսացած է:

Ֆլորա Մարտիրոսեանի անձնական գործավար Արթուր Յովհաննիսեան յայտնած է, որ Ֆլորա Մարտիրոսեանի մարմինը Հայաստան տեղափոխելու հարցի առնչութեամբ տակաւին վերջնական որոշում չէ տրուած, այս առնչութեամբ քննարկումներ տեղի կ՛ունենան։ Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչով պայմանաւորուած է արուեստագիտուհիին մարմինը Հայաստան բերելու որոշումը՝ Յովհաննիսեան ըսած է. «Խնդիրներ չկան: Դա պարզապէս ընտանեկան որոշում է: Սակայն վաղը պարզ կը դառնայ՝ կը տեղափոխեն Հայաստան, թէ ոչ: Ամենայն հաւանականութեամբ կը տեղափոխեն Հայաստան»։







All the contents on this site are copyrighted ©.