2012-11-21 14:56:40

Հաւատքը Փոխանցել - 23 Նոյեմբերին Համացանցային Հանդիպում Մը


Քահանայապետական ընկերային Հաղորդամիջոցներու Խորհուրդի ու Լատին Ամերիկիոյ Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի Խորհուրդի կազմակերպութեամբ ու Լատին Ամերիկիոյ Եկեղեցւոյ տեղեկաբանութեան ցանցի համագործակցութեամբ, յառաջիկայ 23 նոյեմբերին նախատեսուած է համացանցային հանդիպում մը որուն նշանաբանն է <<հաւատքը ապրիլ ու զայն փոխանցել ընկերային ցանցի բանալիով>> ։
Վերոյիշեալ ձեռնարկին նպատակն է բաժնեկցիլ զանազան փորձառութիւններ ու ապա ծրագրել 2013 տարուայ օրակարգը։
Համացանցային այս հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Քահանայապետկան ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու խորհուրդի նախագահ` գերապայծառ Գլաուտիօ Մարիա Զէլլի եւ Լատին Աերիկիոյ Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի Խորհուրդի հաղորդակցութեան գրասենեակի նախագահ`գերապայծառ տալպէրթօ Մարթինէզ։ Հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ episcopo.net ցանցի միջոցաւ 23 նոյեմբերի յետ միջօրէին հռոմի ժամով 16 - 19 ։ Հանդիպումին Մասնակցելու համար հարկ է գրանցուիլ riial@pccs հասցէին։








All the contents on this site are copyrighted ©.