2012-11-21 14:45:30

Երուսաղէմի Լատին Պատրիարքութեան Տեղապահին Մտահոգութիւնը Ի Տես Յորդանանին Մէջ Տիրող խռովութեան Ալիքին։


Գերապայծառ Մարուան Լահամ` Յորդանանի մէջ Երուսաղէմի լատիններու պատրիարքութեան տեղապահը, մամուլին հետ ունեցած ելոյթով յայտնած է իր մտահոգութիւնն ու մտավախութիւնը երկրին մէջ աճող ցոյցերու ու խրովութիւններու նկատմամբ։
Ցուցարարները արաբական ըմբոստութիւններու կարգախօսքերը կը կրկնեն։ Միջազգային հասարակութիւնը ներկայիս իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած է Սուրիոյ, Պաղեստինի եւ Իսրայէլի մէջ տեղի ունեցող ողբերգական դէպքերուն եւ չի մտահոգուիր Յորդանանի մէջ աճող անկայունութեան վիճակով - Հաստատած է Գերապայածաջ Լահամ։








All the contents on this site are copyrighted ©.