2012-11-20 13:18:19

Արհիապատիւ Գրիգոր Եպ. Գուսանի Խօսքը Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Թէոտորոս Բ. Պապի Գահակալութեան Առթիւ։


Աղեքսանդրիոյ կաթողիկէ հայոց առաջնորդը՝ իր խօսքին մէջ յիշեց որ ՜՜Եգիպտոսը է եւ պիտի մնայ ՜՜մէկ Աստուած՝՝ պաշտող իսլամ եւ քրիստոնեայ հաւատացեալներու երկիրը՝՝ մաղթելով որ Թէոտորոս Բ. Պապը բարի հովիւի նման լաւագոյն կերպով հովուէ, առաջնորդէ եւ ուղղէ Աստուծոյ Հօտը, դէպի փրկութեան ծովափը, յատկապէս երկրին այս դժուար պահերուն։ Եգիպտոսը, ընդգծեց գերապայծառը, ազատեց Մանուկ Յիսուսը Հերովդէսի ձեռքերէն ու տուաւ անոր ապաստան մը։ Եգիպտոսի ժողովուրդը մէկ եւ միացած պիտի մնայ, առանց օտար երկիրներու միջամտութեան ու կերտէ իր ապագան, ապահովելով երկրին՝ մշտատեւ խաղաղութիւն ու արդարութիւն։
Գրիգոր եպ. Գուսան իր խօսքին մէջ յիշեց նաեւ Ասիզացի Ս ֆրանչիսկոսը, որ եղաւ քրիստոնեայ -իսլամ երկխօսութեան ռահվիրան. ու մենք (աւելցուց ան) պիտի շարունակենք ընթանալ նոյն ուղիէն Սրբզ. Հօր հետ միասին, որովհետեւ բոլորս նոյն երկրի ու նոյն հողի զաւակներն ենք եւ նոյն օդը կը շնչենք՝՝։
Հուսկ՝ Գերապայծառը Թէոտորոս Բ. Պապին յանձնեց իր նուէրը, Եգիպտոսի Հայոց Պատմութեան հատորներ, ուր կը յիշուին բազմադարեայ բարի յարաբերութիւնները հայ եւ Ղպտի եկեղեցիներու միջեւ. հրաւիրելով՝ Թէոտորոս Բ. Պապը ՜՜շարունակելու երկխօսութիւնը, մատնանշելով յատկապէս որ 2015-ին հայ եկեղեցին պիտի յիշատակէ Մեծ Եղեռնի 100-ամեակը որուն ընթացքին մէկ ու կէս միլիոն հայեր նահատակուեցան ի սէր Քրիստոսի եկեղեցւոյ ու հայ ազգին՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.