2012-11-19 13:08:32

Ռայի Պատրիարքը Գահիրէի Մէջ Ներկայ Եղաւ Թէոդորոս Բ. Պապի Օծման Արարողութեան,


Ապա Անցաւ Վատիկան...
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը,Կիրակի 18 Նոյեմբերի առաւօտեան ուղղուեցաւ Գահիրէ, ուր ան ներկայ գտնուեցաւ ղպտի ուղղափառ համայնքի նորընտիր պապին` Թէոդորոս Բ.ի օծման արարողութեան: Իսկ երեկոյեան Հռոմ ժամանեց, ուր ան 19-23 նոյեմբերին շարք մը հանդիպումներ պիտի ունենայ, ապա 24 նոյեմբերին պիտի մասնակցի կարտինալական տիտղոսներու տուչութեան արարողութեան:
Կիրակի, 25 նոյեմբերին Ռայի պատրիարքը Հռոմի մէջ պիտի ընկերակցի Պենետիկտոս ԺԶ. պապին մատուցած Ս. պատարագին, իսկ երկուշաբթի, 26 նոյեմբերին ան պիտի նախագահէ շնորհակալական Ս. պատարագի մը, որ նաեւ պիտի մատուցուի Հռոմի Ս. Պետրոս տաճարին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.