2012-11-19 13:16:14

29 Նոյեմբերին ՜՜Աղքատութիւնը Ու Զայն Դիմագրաւելու Ու Ջնջելու Միջոցները Որոնելու Օր է՝՝ ՜՜Ինչո՞ւ Աղքատութիւն՝՝ Թեմայով։


Այս առթիւ կ՝անդրադառնանք
ֆԱՕ-ի ընդհանուր տնօրէնի կոչին՝ վերջ դնելու աղքատութեան անջրդի տարածաշրջաններուն մէջ։
Տոհայի մէջ, 14 նոյեմբերին՝ տեղի ունեցաւ միջազգային գիտաժողով մը ''սննդառութեան ապահովութիւնը անջրդի տարածաշրջաններուն մէջ'' նիւթին մասին։
Այս առթիւ զեկոյց ունեցաւ ֆԱՕ-ի ընդհանուր տնօրէնը` տիար Կրացիանօ տա Սիլվա որ ըսաւ թէ ՜՜զինեալ ընդհարումները, մշտական երաշտը ու սննդանիւթերու սակերու աճումը աղքատութեան ծուղակը ներմուծած են Միջին Արեւելքի ու ափրիկեան երկիրներու բնակիչները՝՝։
Ան ցաւ յայտնեց որ ֆԱՕ-ը կը կորսնցնէ անօթութեան դէմ տարած պատերազմը օրէօր Միջին Արեւելքի ու Ափրիկէի մէջ, ընդգծելով որ այդ տարածաշրջաններու մէջ աւելի քան 275 միլիոնը անօթութենէն կը տառապին. եւ դիտել տուաւ որ անջրդի հողին բնական հարստութիւնները վատթարացում կ'արձանագրեն եւ կը սպառնան 2 միլիառ անհատներ։
Ասոր համար, ան, խնդրեց որ միջազգային հասարակութիւնը սերտօրէն համագործակցի անջրդի երկիրներու հետ, նուաճելու անօթութիւնը։ Հարկաւոր է ներդրում կատարել հողատնտեսութեան մէջ երաշխաւորելու բոլորին սննդառութիւնը։
Նշենք որ գիտաժողովին կը մասնակցին 60 երկիրներու կառավարութիւններու, համալսարականներու, գործատէրերու եւ քաղաքացիական ընկերութիւններու ներկայացուցիչները, հարցադրելով սննդառութեան եւ ջուրի ապահովութեան անջրդի տարածաշրջաններուն մէջ։ Ժողովին նպատակն է խթանել սննդանիւթերու արտադրութիւնը, բարւոքել սննդառութեան ապահովութիւնը ու դիմագրաւել ապագայ սննդանիւթերու աճը։








All the contents on this site are copyrighted ©.