2012-11-17 12:34:34

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Ունկնդրութիւնը Առողջապահութեան Քահանայապետական Խորհուրդի Միջազգային 27-րդ համագումարի Ժողովականներուն։


Շաբաթ 17 նոյեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 11-ին Քոնչիսթորօ անուան սրահին մէջ, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց ֆրանսայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի շարք մը եպիսկոպոսներ որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Սրբազան Հայրը ապա ժամը 12-ին Պօղոս Զ անուան սրահին ունկնդրութիւն շնորհեց Առողջապահութեան Քահանայապետական Խորհուրդի Միջազգային 27-րդ համագումարի Ժողովականներուն, որոնք 15-17 նոյեմբեր վատիկանի մէջ գումարած էին ''հիւանդանոցը որպէս աւետարանութեան վայր` մարդկային ու հոգեւոր առաքելութիւն'' նիւթով համաժողովը։
Անոնց ուղղած իր ճառին մէջ Սրբազան Հայրը նախ ողջունեց առողջապահական աշխարհի մէջ բոլոր գործողները հաստատելով որ Եկեղեցին եղբայրական բաժնեկցութեան հոգիով կը դիմէ բոլոր անոնց որոնք կ՛ապրին տառապանքի փորձառութիւնը, կենդանացած հոգիով Անոր, որ սիրոյ զօրութեամբ արժանապատութիւն եւ իմաստ տուաւ չարչարանքի խորհուրդին։Այս անձերուն Վատիկանեան տիեզերական Բ ժողովը ըսած է <<դուք միայնակ չէք - ոզ լքուած եւ ոչ անօգուտ>> որովհետեւ, միացած Քրիստոսի Խաչին, կ՛աջակցիք Անոր փրկարար առաքելութեան։
Այս յոյսի նոյն ձգտումներով Եկեղեցին կը դիմէ մասնագէտներուն եւ առողջապահութեան կամաւորներուն - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, հաստատելով <<ձեր գործունէութիւնը յատուկ կոչում մըն է որ ուսումանսիրութիւն, զգայնութիւն եւ փորձառութիւն կը պահանջէ>>։ Սրբազան Հայրը ապա ականրկեց աշխարհի մէջ տիրող տնտեսական տագնապին հրաւիրելով առողջապահութեան կառոյցները վերատեսելու իրենց <<դերը>> կանխելու համար այն սպառնալիքը որ առողջութիւնը դադրի ընդհանուրի բարիք ըլլալէն ու դառնայ քիչերու յատկացուած բարիք մը, ենթարկուած շուկայական օրէնքներուն։ Այս ուղղութեամբ Նորին Սրբութիւնը ընգծեց նոր աւետարանութեան յանձնառումը ու խօսքը ուղղելով հիւանդներուն հասատատեց թէ անոնց <<լռելեայն վկայութիւնը աւետարանութեան արդիւնաւոր գործիք մըն է ուղղուած ըլլայ ընտանեկան պարագաներուն ըլլայ այն անձերուն որ զիրենք կը խնամէն, այն համոզումով որ <<ոչ մի արցունք, ոչ տառապողներունը եւ ոչ ալ անոնց խնամողներունը, աննկատ կը մնայ Աստուծոյ առջեւ>>։
Ապա խօսքը եզրափակելով Նորին Սրբութիւնը ըսաւ`<<Դուք Քրիստոսի եղբայրներն էք տառապանքի մէջ ու Անոր հետ եթէ կամենաք աշխարհը կը փրկէք>>։Հուսկ բոլոր ներկաները յանձնեց Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեան որ առաջնորդէ անոնց քայլերը եւ զանոնք դարձնէ քրիստոնեայ գիտութեան աշխատասէր եւ անխոնջ վկաներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.