2012-11-17 11:15:48

Նոր Երանուհի մը։ Մարիա Քրէշէնցիա Բերէզ (1897-1932).


Այսօր Արժանթինի մէջ Երանուհի հռչակուեցաւ Մարիա Քրէշէնցիա Բերէզ։ Ծնած Արժանթին 17 Օգոստոս 1897ին,վախճանած Չիլի 20 Մայիս 1932ին.
Մարիա Բերէզ 18 տարեկանին կը մտնէ Տիրոջ Այգիին Ամենասուրբ Կոյսի Դուստրերու Միաբանութիւնը ,ապրելով միշտ շուքի մէջ եւ կատարելով խոնարհ պաշտօններ արտակարգ սէրով։
Մարիա Քրէշէնցիա Բերէզի Երանացումը մեծ ուրախութիւն մըն է համայն Եկեղեցւոյ համար,բայց մասնաւորապէս Արժանթինի Եկեղեցւոյ համար, որ իր այս դուստրին մէջ կը տեսնէ իր ժողովուրդի քրիստէնական ինքնութեան վսեմ ու հարազատ արտայայտութիւնը (կ՝ըսէ Կարտինալ Անճէլօ Ամաթօ,Սուրբերու Դատի Ժողովի Կառավարիչը խօսելով Նոր Երանուհիի մասին) ։
Երանացման Առաքելական Նամակին մէջ արդարեւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Մարիա Քրէշէնցիան կը սահմանէ սա պէս ՝՝կրօնաւորուհի մը որ դիւցազնութեամբ ապրեցաւ աւետարանական մարդասիրութիւնը՝ պարզութեամբ,խոնարհութեամբ եւ գորովով՝՝ ։
Իր գորովը , գուրգուրանքը՝ Աստուծոյ ու իր եղբայրներու հանդէպ ունեցած իր սիրոյ արտայայտութիւնն էր ։ Վեհանձն ու առատաձեռն էր փոքրերու ու աղքատներու նկատմամբ։ Երբէք ոչ մէկու հետ գէշ վարմունք մը ունեցած է, ընդհակառակը միշտ օգնած է բոլոր անոնց՝ որոնք ունէին նիւթական դժուարութիւներ,կամ թէ զուրկ էին սննդեղէնէ կամ հագստեղէնէ ։ Անոր յատականշականն էր հանդարտութիւնը եւ ուրախութիւնը եւ ճիշդ ասոր համար զինք կը կանչէին ՝՝Քոյր Անուշ ՝՝ ։ Իր բարութիւնը ՝՝բացառիկ էր ՝՝ ինչպէս որ վկայած են զինք ճանչցողները։
Բարութիւնը , համբերութիւնը,ազնուութիւնը,ուրախութիւնը եւ համակրելիութիւնը կը պատկերացնէին Քոյր Մարիա Քրէշէնցիա Բերէզը՝ որ կը վախճանի Չիլի 20 Մայիս 1932-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.