2012-11-17 11:22:52

Իսրայէլ Կը Պատրաստուի Կազա Ներխուժելու. Ծառայութեան Կը Կանչուին՝ Պահեստի Յաւելեալ Ուժեր։ «Յարձակումը Համասի Վրայ Չէ, Այլ` Բոլոր Պաղեստինցիներուն» Կը Յայտարարէ Մահմուտ Ապպաս։


Նոյեմբեր 16ին, Կազա այցելելով զինադադար պարտադրելու Եգիպտոսի վարչապետ Հիշամ Քանտիլի ջանքերը չկրցան զսպել Իսրայէլի ու «Համաս»ի միջեւ շարունակուող հրթիռարձակումները, որոնք բազմաթիւ զոհեր խլեցին Կազայի մէջ։
Նոյն օրը, իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը Կազայի մէջ ցամաքային գործողութեան մը նախապատրաստական աշխատանքները կը շարունակէ: Մէկ օր առաջ 15 Նոյեմբերին Իսրայէլ զինակոչի ենթարկեց իր 16,000 պահեստի զինուորները:

Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենտ Արընչ Կազայի վրայ իսրայէլեան յարձակումը «ողբերգութիւն» որակելով՝ պատրաստակամութիւն յայտնեց միջնորդելու՝ Կազայի մէջ գործողութիւնները դադրեցնելու նպատակով:
Բրիտանական «Կարտիըն» թերթը Ուրբաթ օր գրած է, որ Կազայի դէմ իսրայէլեան գործողութիւնը քաղաքական նպատակներ կը հետապնդէ:
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս երէկ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին խիստ ոճով քննադատեց արեւմտեան ու արաբական այն յայտարարութիւնները, թէ Կազայի վրայ շղթայազերծուած իսրայէլեան յարձակումը Համասի դէմ ուղղուած է:
«Ոչ ոք իրաւունք ունի ըսելու, թէ այս յարձակումը Համասի, Իսլամական Ժիհատի, Կազայի կամ այլ հատուածի մը դէմ ուղղուած է: Յարձակումը համայն պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ է, եւ բոլորս պարտինք մէկ ձեռք, մէկ կեցուածք ունենալ: Այսպիսի օրեր հրամայական կը դարձնեն ներպաղեստինեան հաշտութիւնն ու միասնութիւնը», ըսաւ ան:
Ապպաս յայտնեց, որ Պաղեստինեան իշխանութիւնը հաղորդակցութեան մէջ մտած է Եգիպտոսի, Միացեալ Նահանգներու եւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարին հետ` պահանջելով, որ անոնք ընեն իրենց կարելին` կասեցնելու համար Կազայի վրայ յարձակումը:








All the contents on this site are copyrighted ©.