2012-11-17 13:03:46

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Լիբանանի Քահանայից Յատուկ Դասընթացք.


Թելադրութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Լիբանանի թեմի քահանայից յատուկ վերաորակաւորման դասընթացք մը տեղի պիտի ունենայ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, ամէն ուրբաթ առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ: Միաբան հայրերու կողմէ պիտի դասաւանդուին աստուածաշունչի, հայ եկեղեցւոյ պատմութեան, ծէսին եւ քահանայից հովուական առաքելութեան առնչուած հարցեր:
Ուրբաթ, 16 նոյեմբեր 2012-ի առաւօտուն դասընթացքին բացումը կատարելով` վեհափառ հայրապետը յատուկ կարեւորութեամբ շեշտեց այս նախաձեռնութեան հրամայական անհրաժեշտութիւնը: Վեհափառը ըսաւ. «Կ՛ապրինք մնայուն փոփոխութեան մէջ գտնուող աշխարհի մէջ: Մեր ժողովուրդի զաւակներու կեանքին մէջ եւս տեղի կ՛ունենան հիմնական փոփոխութիւններ: Յաճախ կը գտնուինք նոր իրականութիւններու ու կացութիւններու հետ դէմ յանդիման, շրջապատուած ենք նոր մարտահրաւէրներով ու մտահոգութիւններով. այս բոլորին դիմաց եկեղեցին չի կրնար անտարբեր մնալ: Եկեղեցին ժողովուրդին տանողը հոգեւոր հովիւն է. հովիւը պէտք է ճանչնայ իր հօտը, անոր կարիքները ու սպասումները եւ համապատասխան կերպով մօտենայ իր ժողովուրդին ակնկալութիւններուն: Չմոռնանք Քրիստոսի խօսքը, թէ «Ես կը ճանչնամ իմիններս ու կը ճանչցուիմ անոնցմէ…»: Փոխադարձ ճանաչումը կենսական է»:
Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառը ըսաւ. «Հոգեւոր հովիւը ո՛չ միայն պէտք է ճանչնայ իր ժողովուրդը, այլ նաեւ դառնայ տիպար իր կեանքի վարքագիծով, իր ծառայութեան որակով: Եւ որպէսզի հոգեւոր հովիւին ծառայութիւնը ըլլայ աւելի ազդու ու արդիւնալից, անհրաժեշտ է, որ ան լայն ծանօթութիւն ունենայ ընդհանրապէս իր ժողովուրդին ու շրջապատին եւ յատկապէս իր առաքելութեան հետ անմիջականօրէն աղերս ունեցող հարցերուն ու տագնապներուն մասին»: Արամ Ա. Կաթողիկոս ապա յայտնեց, թէ յիշեալ դասընթացքին նպատակը «ձեր ծանօթութեան թարմացումն է, ապա խորացումը: Այսօր, որեւէ մէկ կառոյցի պատկանող պատասխանատուներ կարիքը ունին վերաթարմացման, վերաորակաւորման: Ժողովուրդի կեանքին հետ անմիջականօրէն կապ ունեցող հոգեւոր հովիւները կոչուած են աւելիով վերաթարմացնելու իրենց ծանօթութիւնն ու փորձառութիւնը իրենց առաքելութեան հրամայականներու լոյսին տակ», եզրակացուց վեհափառ հայրապետը:
Յայտնենք, որ Կաթողիկոսը նաեւ թելադրեց թեմակալ առաջնորդներուն` նոյն ձեւով քահանայից յատուկ վերաորակաւորման դասընթացքներ կազմակերպել իրենց թեմերէն ներս:








All the contents on this site are copyrighted ©.