2012-11-16 11:12:09

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ
Առողջապահութեան Քահանայապետական Խորհուրդի Միջազգային 27-րդ Համագումար։


Իտալիոյ Արէցցօ քաղաքին մէջ 16 եւ 17 նոյեմբերին տեղի կ՛ունենայ համաագումար մը նուիրուած <<խաղաղութիւն ու պատերազմ <>, խաղաղութիւն երկրի վրայ շրջաբերականի 50րդ տարեդարձի առիթով>> նիւթին։ Համագումարը կազմակերպուած է Րոնտինէ ընկերակցութեան եւ Ժագ Մարիթէն միջազգային կազմակերպութեան ջանքերով։

Շաբաթ 17 նոյեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 10-ին Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ տեղի կ՛ունենայ խորհրդածութեան եւ աղօթքի հանդիպում մը Առողջապահութեան Քահանայապետական Խորհուրդի Միջազգային 27-րդ համագումարի Ժողովականներու մասնակիցութեամբ։ Հանդիպումը կը գլխաւորէ առողջապահութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ գերապայծառ Ծիկմունթ Ծիմովսքին մինչ խորհրդածութիւնը կը կատարէ Աուրբ Պետրոս Պազիլիքայի աւագերէց` Կարդինալ Անճէլօ Գոմասթրին։
Նշենք որ Առողջապահութեան միջազգային 27-րդ խորհուրդի ժողովը տեղի կ՛ունենայ Վատիկանի մէջ (15-17 նոյեմբեր) ու թէ անոր իր մասնացութիւնը բերաւ նաեւ Իտալիոյ առողջապահութեան նախարարը՝ Ռենաթօ Պալտուցի։ Համագումարի աւարտին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, ունկնդրութիւն պիտի շնորհէ մասնակցողներուն։







All the contents on this site are copyrighted ©.