2012-11-16 12:16:50

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։
Ունկնդրութիւն ֆրանսայի Համահաւաք Դասի Եպիսկոպոսներուն։


Ուրբաթ 16 նոյեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Փղոսկրեայ Ափունքի հանրապետութեան նախագահ` Տիար Ալասսան Ուադդարայի` անոր կողակիցին ու իրենց ընկերացող շքախումբին։
Ժամը 11.30 Սրբազան Հայրը ընդունեց ֆրանսայի եպիսկոպոսական դասի համահաւաք դասէն շարք մը եպիսկոպոսներ որոնք հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ Առ Սեամս առաքելոյն << ad Limina Apostolorum>> - ֆրանսացի եպիսկոպոսներու պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Փարիզի Արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Անտրէ Վէն Թրուա ու պատուիրակութեան մաս կը կազմէր նաեւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ֆրանսայի Թեմի առաջնորդ Արհի. Գրիգոր Եպս. Կապրոյեանը։
Յետ միջօրտէի ժամը 18-ին Նորին Սրբութիւնը հանդիպում ունեցաւ հաւատոյ վարդապետութեան Ժողովի կառավարիչ` Կարդինալ Կէրարտ Լուտվիկ Միւլլէրի հետ։







All the contents on this site are copyrighted ©.