2012-11-16 12:21:25

ՀԱՒԱՏՈՅ ՏԱՐԻ
Հաւատամք ի ՄԻ ԱՍՏՈՒԱԾ


Ըստ մեր Սուրբ Գիրքին «Հաւատալ» կը նշանակէ, մեր խելքով ընդունիլ, շատ հաստատ, անսասան եւ մնայուն կերպով, Աստուծոյ կողմէ յայտնուած ճշմարտութիւնները:
Պէտք չէ կարծել որ հաւատքի միջոցաւ ձեռք բերուած ծանօթութիւնը նուազ ստոյգ է, այն պատրուակով՝ որ չենք տեսներ ճշմարտութիւնները, որոնց կը հաւատանք: Թէեւ աստուածային լոյսը, որ զանոնք մեզի կը ծանօթացնէ, զանոնք չի բացայայտեր, սակայն եւ ոչ ալ կ՛արտօնէ որ անոր մասին տարակուսինք: Որովհետեւ, ինչպէս կ՛ըսէ Սուրբ Պօղոս, նոյն Աստուածը՝ որ խաւարէն լոյսը յառաջ բերաւ, լուսաւորեց մեր սրտերը, որպէսզի Աւետարանը ծածկուած չմնայ մեզի համար, ինչպէս որ է անոնց համար որոնք կը կործանին:
Պօղոս Առաքեալի այս խօսքէն կրնանք հետեւցնել թէ Հաւատքի այս երկնային ծանօթութիւնը ունեցողը ինքզինքը ձերբազատած է զուտ հետաքրքրութեան համար հետազօտութիւններ ընելու բաղձանքէն: Երբ Աստուած մեզի կը հրամայէ հաւատալ, մեզի չ՛առաջարկեր իր դատումները քննել. ան կը խնդրէ անսասան հաւատք մը, որով մեր միտքը ամբողջովին կը հանգչի, յաւիտենական ճշմարտութեան ծանօթութեան վրայ:
«Կը հաւատամ» ըսողը, կը յայտնէ իր ներքին հաւանութիւնը այս խօսքերով. եւ այս է հաւատքի ներգործութիւնը, որուն մասին կը խօսի Պենետիկտոս ԺԶրդ Քահանայապետը: Հաւատացեալը պէտք չէ գոհանայ հաւատքի այս ներգոյծութեամբ, այլ պէտք է յայտնի խոստովանութեամբ բացայայտէ իր սրտին զգացումները, եւ իր հաւատքը յայտնէ, հրապարակէ՛ տարածէ, եւ աւետարանէ ուրախութեամբ եւ յօժարութեամբ:
Հաւատացեալը պարտի ունենալ միեւնոյն հոգին, որ կը ներշնչէր Մարգարէն, երբ կ՛ըսէր. «Հաւատացի, զոր եւ խօսեցայ»(Սղ. 115, 10) (հաւատացի, այս պատճառաւ եւ խօսեցայ): Իւրաքանչիւր մկրտեալ, իւրաքանչիւր քրիստոնեայ պէտք է քաջալերուի Ս. Պօղոսի այս սքանչելի խօսքերով. «Բնաւ չեմ ամչնար Աւետարանէն, որովհետեւ ան է Աստուծոյ ուժը եւ զօրութիւնը, որով պիտի փրկուին հաւատացեալները (Հռոմ. Ա, 16), եւ կամ այս միւս խօսքերով, որոնք յատուկ կերպով կը փաստեն ճշմարտութիւնը, որուն մասին անդրադարձանք. կը հաւատանք սրտով, արդարանալու համար, բայց կը խոստովանինք բերնով, փրկուելու համար (Հռոմ. Ժ, 10):
Ի՞ՆՉ ԿԸ ՀԱՍԿՆԱՆՔ՝ «կը հաւատամ մէկ Աստուծոյ» ԽՕՍՔՈՎ:
Այս խօսքերը մեզի անմիջապէս կը ծանօթացնեն քրսիտոնէական իմաստութեան արժէքը եւ վեհութիւնը, եւ այսպէսով կի բացայայտեն այն ամէն ինչ, որ ընդունած ենք աստուածային բարութենէն, որ կը հաճի մեզ բարձրացնել Հաւատքի ճշմարտութիւններուն միջոցաւ, որոնք աստիճաններու նման մեզ կը հասցնեն ամենավսեմ եւ ամեցանկալի էակին ծանօթութեան:
Ուստի, այս խօսքերով հաւատացեալը իրաւամբ նախ եւ առաջ կը յայտնէ իր հաւատքը առ Աստուած, որուն ՄԵԾՎԱՅԵԼՉՈՒԹԻՒՆԸ, ըստ Երեմիայ Մարգարէին, «անիմանալի է», եւ որ կը բնակի ըստ Սուրբ Պօղոսին, «անհասանելի լույսի մէջ, զոր ոչ ոք տեսած է եւ կրնայ տեսնել», եւ որուն մասին Մովսէսին ըսուեցաւ. « Ոչ մէկ մարդ կրնայ զԱստուած տեսնել առանց մեռնելու»:
Արդ, եթէ Աստուած անիմանալի է, եւ անհասանելի, ինչպէ՞ս ուրեմն մեր հաւատքը անոր հանդէպ կը յայտնենք: Այս հարցին պիտի անդրադարնանք մեր յաջորդ հաղորդումին ընթացքին:








All the contents on this site are copyrighted ©.