2012-11-16 12:16:59

Իսրայէլ-Պաղեստինեան Բախումները Կը Սաստկանան «Համաս»ի Ղեկավար Ճապպարիի Սպանութենէն Ետք։ Եգիպտոսի Վարչապետը Հիշամ Գանտիլ Կազայի Մէջ։


Ինչպէս կ՛ակնկալուէր, Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 15ին Կազայի եւ Իսրայէլի միջեւ հրթիռարձակումները սաստկացան՝ իբրեւ հետեւանք մէկ օր առաջ տեղի ունեցած պաղեստինեան «Համաս» կազմակերպութեան զինեալ թեւի հրամանատար Ահմատ Ճապպարի եւ առնուազն 9 ուրիշներու սպանութեան: Իսրայէլեան օդուժը Կազայի մէջ ինքնաշարժ մը հարուածելով՝ սպաննած էր Ճապպարին, որ միջադէպէն միայն երկու ժամ առաջ ստացած էր Եգիպտոսի միջնորդութեամբ գոյացած զինադադարի համաձայնագիրին փաստաթուղթը:
Իսրայէլեան օդուժը Հինգշաբթի շարունակեց Կազայի ռմբակոծումը՝ առնուազն 5 զոհեր եւս խլելով եւ վիրաւորներուն թիւը հասցնելով 250ի:

Տիրող կացութեան պատճառով, Եգիպտոս տուն կանչեց Իսրայէլի մօտ իր դեսպանը, իսկ Գահիրէի մօտ Իսրայէլի դեսպանը կանչեց՝արտաքին գործոց նախարարութիւն բողոքելու համար Կազայի ռմբակոծումներուն դէմ:

ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդը արտակարգ նիստ մը գումարեց այս հարցով՝ կոչ ընելով կողմերուն, որ զսպուածութիւն ցուցաբերեն, մինչ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները դատապարտեցին Իսրայէլի վրայ «Համաս»ի յարձակումները:
Արաբական Լիկան որոշած է Շաբաթ օր քննել Իսրայէլ-պաղեստինեան նորագոյն զինեալ բախումները զսպելու կարելիութիւնները:
Մինչ այդ Կազայի Գօտի ժամանեց Եգիպտոսի Վարչապետը Հիշամ Գանտիլ ընկերակցութեամբ՝մէկէ աւելի խորհրդականներու եւ Եգիպտոսի Առողջապահութեան Նախարար Մուսթաֆա Համէտի։







All the contents on this site are copyrighted ©.