2012-11-15 12:59:19

Մամլոյ Ասուլիս Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Մէջ։


«Նոր Աւետարանացում Եւ Վատիկանի Յատուկ Սիւնհոդոսը»
նիւթի Մասին
Չորեքշաբթի 14 նոյեմբերին, Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Նոր Աւետարանացում եւ Վատիկանի յատուկ Սիւնհոդոսը» նիւթին մասին հաղորդամիջոցներու եւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին խօսք առաւ ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս պատրիարքը, ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի փոխվարիչ՝ Մասիս վրդ. Զօպույեանի, հոգեւորականներու, մտաւորականներու եւ լիբանանահայ հաղորդամիջոցներու ներկայացուցիչներու:
Ասուլիսի բացման իր խօսքին մէջ, հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան նախ անդրադարձաւ հոկտեմբեր ամսոյն 7-էն մինչեւ 28, Հռոմի մէջ կայացած «Նոր Աւետարանացում» թեմայով յատուկ Սիւնհոդոսի մասին, որուն որպէս մնայուն անդամ մասնակցեցաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս Պատրիարքը: Այս յատուկ Սիւնհոդոսին հիւրաբար մասնակցեցան նաեւ Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին ներկայացուցիչը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին ներկայացուցիչ հայր Մասիս վարդապետ Զօպույեան:
Հայր Վարդան նաեւ տեղեկացուց «Նոր Աւետարանացում»ի համար յատուկ գրասենեակի ստեղծելու Հոգեւոր Տիրոջ որոշումը անցեալ սեպտեմբերին, զուգահեռ Հաւատքի Տարիին, որ Սրբազան Քահանայապետը հռչակեց 2012-2013 տարեշրջանին համար: Ան յայտարարեց որ այս նորաստեղծ գրասենեակին նպատակը պիտի ըլլայ քրիստոնէական կազմաւորումը պատրիարքական թեմէն ներս: Ան աւելցուց, որ այս գրասենեակի գործունէութեան շրջագիծէն ներս ամենապատիւ կաթողիկոս պատրիարքը կապի մէջ պիտի ըլլայ հաւատացեալներուն հետ շաբաթական հերթականութեամբ, «Twitter» ընկերային հաղորդամիջոցով (հասցէն՝ Nerses Bedros XIX)։ Եւ վերջապէս, Հայր Վարդան տեղեկացուց որ հայ կաթողիկէ երիտասարդներու համար հաստատուած է յատուկ կայքէջ մը՝ youth.armeniancatholic.org, որուն նպատակն է հաւատքի հրաւիրել նոր սերունդը՝ մասնակցելով եկեղեցական կեանքին:
Ապա խօսք առաւ ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, որ անդրադարձաւ Վատիկանի մէջ կայացած Տիեզերական Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ԺԳ. Սիւնհոդոսի աշխատանքներուն մասին։ Ան վեր առաւ նոր աւետարանացման կարեւորութիւնը հաւատքի փոխանցման համար եւ խօսեցաւ դարերու ընթացքին հայ ժողովուրդի քրիստոնեայ հաւատքի վկայութեան մասին: Ան նշեց, որ հաւատքը քրիստոնէական կեանքին գլխաւոր նեցուկն է, քրիստոնեայ կեանքին առանցքն է, զոր այս սիւնհոդոսը ուզեց փոխանցել հին քրիստոնէական աւանդութիւններ ունեցող ժողովուրդներուն եւ ոչ մկրտեալներուն, աւելցնելով որ հայ ժողովուրդը մաս կը կազմէ այս հին քրիստոնէական աւանդութիւններ ունեցող ժողովուրդներուն: Հոգեւոր Տէրը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ ներկայ ժամանակներուն քրիստոնեաներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն, կոչ ուղղելով վերադառնալու առաջին քրիստոնեայ հասարակութեան սկզբունքներուն եւ հաւատքի ապրելակերպին։ Ան յիշեց հայ Եկեղեցւոյ պանծալի պատմութիւնը, նշելով որ Հայ Եկեղեցին կրեց տառապանքներ, սակայն միշտ հաւատարիմ մնաց իր քրիստոնէական ինքնութեան, նոյնիսկ արեան գնով։ Հոգեւոր Տէրը յիշատակեց Վարդանանց հերոսամարտի եւ 1915-ի հայոց ցեղասպանութեան հաւատքի վսեմ վկայութիւնները, ինչպէս նաեւ Մարտինի նահատակ արքեպիսկոպոս՝ Իգնատիոս Մալոյեանի Երանելի հռչակումը Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան պապին կողմէ ։
Հոգեւոր Տէրը եզրափակեց իր խօսքը յորդորելով, որ հայ ժողովուրդը կառչած մնայ իր քրիստոնէական հաւատքին, ամրապնդէ իր համոզումները հիմնուած Աստուծոյ Խօսքին եւ Լուսաւորչեան Հաւատքին վրայ։
Այնուհետեւ, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն Սիւնհոդոսին եւ Նոր Աւետարանացման շուրջ։ Ան բոլորին ուշադրութեան յանձնեց, թէ գաղթականութիւնը եւ նախկին համայնավար վարչակարգի տակ ապրող քրիստոնեաներու ներկայ իրավիճակը երկու մարտահրաւէրներ են, զորս հայ ժողովուրդը եւս կը դիմագրաւէ ներկայիս, Ան հրամայական նկատեց հայ ազգին մէջ մշակներու բազմացման ի խնդիր աշխատանքը եւ այս կապակցութեամբ ներկայացուց Նոր Աւետարանացումի համար յատուկ գրասենեակին նպատակները՝ քրիստոնէական հաւատքը քարոզել եւ քրիստոնէական դաստիարակութիւն ջամբել՝ օգտուելով ներկայ ժամանակներու հաղորդամիջոցներէն եւ ընձեռած հնարաւորութիւններէն։
Հոգեւոր Տէրը յատուկ կերպով նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի թեմին, յայտնելով որ տակաւին այս թեմը կազմաւորումի շրջանի մէջ է եւ կարիքը կայ լաւապէս պատրաստուած քարոզիչներու այս առաքելութեան համար։
Հուսկ, Հոգեւոր Տէրը հրաւիրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսի ներկայացուցիչ՝ հայր Մասիս վրդ. Զօպույեանը փոխանցելու իր տպաւորութիւնները սիւնհոդոսի մասին։ Հայր Մասիս վրդ. Զօպույեան յայտնեց, որ քրիստոնեաներու դիմագրաւած բոլոր հարցերուն մասին լուրջ քննարկումներ եւ առաջարկներ տեղի ունեցան սիւնհոդոսի աշխատանքներու ընթացքին։ Ան ըսաւ, որ պէտք է մտածենք ինչպիսի նոր ձեւերով, նոր մեթոտներով եւ միջոցներով Աւետարանը մեր հաւատացեալներուն, մեր ժողովուրդին տարածելու մասին։
Աւարտին, հայր Վարդան եզրափակեց մամլոյ ասուլիսը ըսելով.- «Նոր Աւետարանացումը ի սպաս քրիստոնէական հաւատքի փոխանցման□ խորագրով կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց այս ԺԳ. սիւնհոդոսի եզրափակիչ յայտարարութեան մէջ կը կարդանք Սրբազան Քահանայապետին եզրափակիչ խօսքը ուր կ'ըսէ. «Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր նոր քարոզիչները անձեր են, որոնք Աստուծոյ փորձառութիւնը կ'ապրին եւ կը գտնեն սրտի ուրախութիւնը։ Մենք եւս դիմենք Յիսուսին եւ մեր աչքերուն առջեւէն թող խաւարը փարատի եւ գիտնանք փառաւորել իսկական Աստուածը»։ Այսօր, մեզի առաքեալներուս ըսել կ'իյնայ, յայտարարել, հռչակել՝ այն ինչ, որ կը տեսնենք ու կը լսենք Քրիստոսի հետ մտերմութենէն. հռչակել բոլոր միջոցներով, բայց մանաւանդ կեանքի վկայութեամբ»։








All the contents on this site are copyrighted ©.