2012-11-15 12:06:46

Զինուորական Կացութեան Մագլցում Կազայի Մէջ։Սպաննուած Համասի Պատասխանատուներէն ՝Հրամանատար Ահմէտ Ճապպարի։ .


Իսրայէլեան օդուժը Կազայի մէջ ինքնաշարժ մը հարուածելով սպաննեց Համասի զինեալ թեւի հրամանատար Ահմետ Սայետ Խալիլ Ժապպարին եւ առնուազն երկու ուրիշներ:
Բանակի բանբեր Աւիթալ Լիպովիչ «Պի.Պի.Սի.»-ին յայտնեց, որ բանակը Կազայի մէջ «սահմանափակ» գործողութեան մը ընթացքին 20 թիրախներ հարուածած է: Բանակը նաեւ յայտարարեց, որ Համասի ցաւ պատճառող հարուածները պիտի շարունակուին, իսկ Համասի զինեալ թեւը` Քասսամի Ջոկատները յայտարարեցին, որ Իսրայէլ Ժապպարին սպաննելով իր դիմաց դժոխքի դռները բացաւ:
46-ամեայ Ժապպարի չորս տարի առաջ Կազայի դէմ կատարուած իսրայէլեան լայնածաւալ գործողութենէն ետք, սպաննուած Համասի ամէնէն բարձրաստիճան պաշտօնատարն է:
Իսրայէլի ներքին գաղտնի սպասարկութիւնը` Շին Պեթը յայտնեց, որ ան «վերջին տասնամեակին ընթացքին Կազայէն Իսրայէլի դէմ բոլոր ահաբեկչական գործունէութեանց» պատասխանատուն էր:
Իսրայէլեան գործողութենէն ետք կացութիւնը սուր մագլցում արձանագրեց: Պաղեստինցիք ռմբակոծեցին իսրայէլեան շրջաններ, մասնաւորաբար Հացորիմ զինուորական օդակայանը, իսկ Իսրայէլ` Կազան, պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ: Տիրող կացութեան մէջ Եգիպտոս Իսրայէլի մէջ իր դեսպանը տուն կանչեց, իսկ Գահիրէի մէջ Իսրայէլի դեսպանը արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչեց եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի նիստ պահանջեց:
Աւելի ուշ, Գահիրէի օդակայանէն աղբիւրներ հաղորդեցին, որ Գահիրէի մէջ Իսրայէլի դեսպանն ու դեսպանատան անձնակազմը հեռացած են Եգիպտոսէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.