2012-11-15 12:54:45

«Ազգային Համաձայնական Մարմինի Կազմութիւնը Սուրիական Տագնապի Լուծման Ուղղութեամբ Կարեւոր Քայլ Մըն Է» Կ՛ըսէ Քլինթըն.


Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն յայտնեց որ Ազգային Համաձայնական Մարմինին կազմութիւնը «սուրիական տագնապի լուծման ուղղութեամբ կարեւոր քայլ մըն է»:
Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտութեան պետը իր երկրին, կազմուած Մարմինին ցուցաբերելիք աջակցութեան համար պայման դրաւ, որ նորակազմ մարմինը փաստէ, որ Սուրիոյ համար իր ծրագիրը ՝՝բազմատարր ժողովրդավարութիւն է՝՝ որ երկրին միութիւնը նկատի կ՛ունենայ։
Քլինթըն նաեւ յայտնեց, որ իր երկիրը որոշած է Թուրքիոյ, Լիբանանի, Յորդանանի եւ Իրաքի մէջ գտնուող սուրիացիներուն 30 միլիոն տոլարի մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրել:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ կը շարունակէ յանձնառու մնալ Սուրիա զէնք ուղարկելու դէմ Եւրոպական Միութեան հաստատած արգելքին` նշելով, որ միայն Միութիւնը կրնայ այդ արգելքը ջնջել, սակայն այդ ուղղութեամբ որեւէ քննարկում չէ կատարուած:
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ յայտարարած էր, որ Ֆրանսա վերատեսութեան պիտի ենթարկէ սուրիական ընդդիմութեան զէնք չմատակարարելու իր որոշումը, երբ ընդդիմադիր Ազգային Համաձայնական Մարմինը ժամանակաւոր կառավարութիւն ստեղծէ: Ան նշած էր, որ Ֆրանսա մտադիր է օգնել ընդդիմութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող «ազատագրուած գօտիներուն» մէջ բնակչութեան պաշտպանութեան հարցին:








All the contents on this site are copyrighted ©.