2012-11-15 14:35:24

21 Նոյեմբերին Իտալիոյ եւ ֆրանսայի մէջ Լոյս կը Տեսնէ Քահանայապետի Յիսուս Նազովրեցի Գիրգի Գ Հատորը


<<Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի ''Յիսուս Նազովրեցի'' խորագրով գիրգի Գ. հատորը լոյս կը տեսնէ յառաջաիկայ 21 նոյեմբերին Իտալիոյ եւ ֆրանսայի մէջ>> կը յայտարարէ Լա Գրուա ֆրանսական օրաթերթը։
Ս. Ծննդեան շրջանին, Իտալական Ռիցցոլի տպագրատունը, նախատեսած է տպել հատորին` աւելի քան 300.000 օրինակներ։
Սրբազան Քահանայապետի <<Յիսուս Նազովրեցի>> վերատարութեամբ գիրգի այս Գ հատորը նուիրուած է Յիսուսի մանկութեան։Անոր նախաբանին մէջ, Նորին Սրբութիւնը մաղթանք կը յայտնէ, որ այս 130 էջնոց այս գիրգըօգնէ ընթերցողը մօտէն ճանչնալու ու սիրելու Քրիստոսը։
Յիսուս Նազովրեցի գիրգի առաջին հատորը լոյս տեսաւ 2007ին ու նուիրուած էր Յիսուսի մկրտութենէն մինչեւ անոր այլակերպութիւնը մինչ երկրորդ հատորը հրատարակուեցաւ 2011-ի մարտին եւ նուիրուած էր Յիսուսի Երուսաղէմի մուտքէն մինչեւ անոր Յարութիւնը։
Յիսուս Նազորէցիի նուիրուած հաւագածոն կը կրէ երկեակ ստորագրութիւն Ժոզէֆ Ռացինկեր եւ Պենետիկտոս ԺԶ։








All the contents on this site are copyrighted ©.