2012-11-14 12:24:31

Սալամանքա - Գիտաժողով Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովի 50-րդ Տարեդարձին առթիւ։


Կազմակերպութեամբ Սպանիայի ու Փորթուկալի աստուածաբանութեան մասնաճիւղին, Սալամանքայի քահանայապետական համալսարանը գիտաժողով մը կը հիւրընկալէ <<Վատիկանի Բ Տիեզերական ժողովի 50-րդ տարեդարձին առթիւ 1962-2012>>։
Գիտաժողովը կը գլխաւորէ կարդինալ Վարելա` Մատրիտի թեմին առաջնորդը ու Սպանիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասին գահերէցը ։

Իսկ Մատրիրտի Ս. Պօղոս համալսարանի մէջ նոյեմբեր 16-18-ը, տեղի կ'ունենայ գիտաժողով մը ''կաթողիկէները եւ հրապարակային կեանքը'' նիւթին մասին, ունենալով որպէս բնաբան <<ընկերային ու քաղաքական նոր յանձնառում, Վատիկանեան Բ տիեզերական ժողովէն դէպի նոր աւետարանութիւն>>։ Գիտաժողովին կը մասնակցին եկեղեցական շարժումներու եւ ընկերակցութիւններու պատասխանաուներ, համալսարանի դասախօսներ, ընկերաբաններ ու քաղաքագէտներ։ Ժողովին բացումը կը կատարէ գերապայծառ ֆռաթինի` Սպանիայի մօտ վատիկանի առաքելական դեսպան։








All the contents on this site are copyrighted ©.