2012-11-14 13:05:33

Պենետիքթոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին, Եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Միջեւ Նամակներու Փոխանակում։


Անթիլիաս– Լիբանան կատարած իր պաշտօնական այցելութենէն վերադարձին, Պենետիքթոս 16-րդ Սրբազան Քահանայապետը նամակ մը յղած էր Արամ Ա. Կաթողիկոսին, ուր ան իր գոհունակութիւնը յայտնելէ յետոյ Լիբանան կատարած իր այցելութեան գծով, ցաւ կը յայտնէր, որ «իր կամքէն անկախ պատճառներով չկրցաւ հանդիպում ունենալ Վեհափառին հետ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանին մէջ` խօսելու միջ-եկեղեցական շարժումի ապագային մասին»: Նամակին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը իր յարգանքն ու սէրը կը յայտնէր Հայ Եկեղեցւոյ ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, վստահեցնելով Վեհափառին` թէ «մօտ ապագային վստահաբար դարձեալ հանդիպելու առիթ պիտի ունենայ իր հետ»: Պատասխանելով Սրբազան Պապին նամակին, Արամ Ա. Կաթողիկոս կը յիշեցնէ պատմական կապերը Հայ Եկեղեցւոյ ու Վատիկանի միջեւ, յատկապէս Կիլիկեան շրջանէն սկսեալ եւ այսօր եւս, շարունակուող՝ միջ-եկեղեցական գործակցութեան ու աստուածաբանական երկխօսութեան ճամբով: Իր նամակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը լայնօրէն կ՛անդրադառնար եւ մտահոգութիւն կը յայտնէ Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէական ներկայութեան ու վկայութեան. եւ ընդգծելէ յետոյ Պապին Լիբանան կատարած այցելութեան եւ այդ առիթով հրապարակած Հովուապետական Թուղթին յատուկ կարեւորութիւնը, Վեհափառը կը շեշտէ, թէ Միջին Արեւելքի քրիստոնէութիւնը պէտք է դառնայ Վատիկանի մնայուն առաջնահերթութիւններէն մէկը եւ միւս կողմէ քրիստոնեայ եկեղեցիներ Միջին Արեւելքէն ներս միասնաբար պէտք է շարունակեն որոնել այնպիսի ազդու միջոցներ, որով կարելի ըլլայ թէ՛ քրիստոնէական վկայութեան նոր մղում տալ եւ թէ քրիստոնեայ համայնքներու իրաւունքները ապահովել շրջանէն ներս տեղի ունեցող փոփոխութիւններուն լոյսին տակ: Ապա Արամ Ա. Կաթողիկոս ողջունելէ յետոյ Պապին նախաձեռնութիւնը Աւետարանչութեան նուիրուած վերջին եպիսկոպոսաց Սինոտին գումարումով, կը յայտնէ, թէ աւելի քան երբեք համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ քրիստոնէական հաւատքը, արժէքներն ու աւանդութիւնները ենթակայ են վտանգի, մանաւանդ արեւմտեան ընկերութեան մէջ: Եկեղեցին չի կրնար անտարբեր մնալ այս երեւոյթին դիմաց: 1961-1962-ին գումարուած Վատիկանի Երկրորդ Ժողովը պատասխան մըն էր այդ օրերու ընկերութեան կեանքէն ներս յառաջացած մարտահրաւէրներուն: Յիսուն տարիներ ետք եկեղեցւոյ դիմաց գտնուող մարտահրաւէրներն ու մտահոգութիւնները բազմազան ու այլազան են: Հետեւաբար Վեհափառ Հայրապետը կ՛առաջարկէր Պապին, որ նախաձեռնէր Վատիկան Երրորդ Ժողովի պատրաստութեան: «Նման քայլ մը- կ՛եզրակացնէ Վեհափառը- նաեւ իր դրական հետեւանքները պիտի ունենայ ուղղափառ եւ բողոքական եկեղեցիներու կեանքին ու վկայութեան»։








All the contents on this site are copyrighted ©.