2012-11-14 13:01:48

Էջ մը Հայ Մատենագրութենէն ։
Մեսրոպ Երէց


Մեսրոպ Երէց 10-րդ դարուն ապրած մեր պատմագիրներէն է. Ան ծնած է Հողոցիմ գիւղը, որ հայրենիքն էր նաեւ Յովսէփ Ա. Հողոցմեցի կաթողիկոսին, որ Վարդանանց հերոսներէն մին է։ Ապրած է Վահան Ա. Սիւնեցի կաթողիկոսի օրով եւ անոր խնդրանքին վրայ, 969 թուին մօտերը, գրած է իր պատմութիւնը առաջին հայ կաթողիկոսներու մասին, եւ գլխաւորաբար Ներսէս Ա. Պարթեւի մասին։
Ժամանակակից եղած է նաեւ Աշոտ Գ. Ողորմած թագաւորին. Աւելի տեղեկութիւններ չունինք իր կեանքին վերաբերեալ. Միայն գիտենք թէ երէց էր, այսինքն ամուսնացեալ քահանայ։ Ինք իր մասին հետեւեալը կը գրէ. Ես Մեսրոպ նուաստ քահանայ ի Վայոց ձորոյ ի գեղջէ Հողոցմանց, ուստի Յովսէփ էր երանելի նահատակն յաւուրս սրբոյն Վարդանայ։
Մեսրոպի Գործը
Ըստ իր խօսքին , Մեսրոպ կը գտնէ պատմական գիրք մը, յօրինուած անծանօթ հեղինակէ, որ կը կոչուի Հայոց Մնացորդք յԱրեւելից Գրոց, որմէ ինք կ՛օգտուի շարադրելու համար իր պատմութիւնը, որուն խորագիրն է. Յաղագս զարմից Սրբոյն Գրիգորի Լուսաւորչի եւ պատմութիւն Սրբոյն Ներսիսի Հայոց Հայրապետի։
Մեր ձեռքը չէ հասած առաջին գրութիւնը, այլ միայն Մեսրոպի անունով յօրինուած պատմութեան գիրքը, այն ալ հաւանաբար ոչ ամբողջութեամբ, քանի առաջին բաժնի պատմութիւնը հայ եւ վրացի թագաւորներու մասին է եւ այդ ուղղութեամբ որեւէ գրութիւն մեզի չէ հասած։ Ինչ որ մեր ձեռքը հասած է համառօտ գրուածք մըն է, ուր շատ հակիրճ կերպով ներկայացնելէ ետք Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի յաջորդներու գործերը, կ՛անցնի անմիջապէս Սուրբ Ներսէս Պարթեւի կեանքի ու գործերու նկարագրութեան, որոնց մասին մանրամասնօրէն տեղեկութիւններ կու տայ. Հաւանաբար այս գրքի յօրինման համար` օգտուած ըլլայ Փաւստոս Բիւզանդացիի պատմութենէն։
Թէեւ համառօտ, բայց շատ ընտիր լեզուով գրուած է Մեսրոպի պատմութիւնը. Ան գրեթէ կը մօտենայ 5-րդ դարու ոսկեդարեան լեզուի մաքրութեան։

Ներսէսի պատմութիւնը կը սկսի անոր արքունիք մտնելէն որպէս սենեկապետ Արշակ թագաւորին։ Այսպէսով ան սկիզբէն արդէն ականատես կ՛ըլլայ արքունիքի կեանքի բարոյապէս անկեալ վիճակին։ Ներսէս կ՛ամուսնանայ Մամիկոնեան ընտանիքէն Սանդուխտ անունով աղջկայ մը հետ եւ կ՛ունենան որդի մը` Սահակ, որ յետագային պիտի հանդիսանար Սուրբ Սահակ կաթողիկոսը։ Կինը սակայն կը մահանայ երեք տարի վերջ եւ Ներսէս կ՛որոշէ կրօնաւորական կեանքի նուիրուիլ։
Իր համբաւը սրբութեան այնքան կը յառաջանայ որ զինք կ՛ընտրեն Կաթողիկոս Հայոց. Ասոր համար, Արշակ թագաւոր զինք կ՛ուղարկէ Կեսարիա, ուր կը ձեռնադրուի քահանայ, կ՛օծուի եպիսկոպոս եւ ապա կաթողիկոս։
Կեսարիայէն վերադարձին` Ներսէս բոլորովին հոգեւոր անձ մը դարձած էր եւ իր բոլոր ջանքը կը թափէ կարգաւորելու Հայաստանի մէջ զանազան բարեսիրական հաստատութիւններ, ի նպաստ բոլոր ժողովուրդին, մանաւանդ հիւանդներուն, ծերերուն եւ աղքատներուն համար։ Դժբախտաբար արքունիքի մէջ կը շարունակուին անբարոյ արարքներն ու զեղծարարութիւնները եւ ամենածանր դէպքը կը պատահի երբ Արշակ թագաւորը սպաննել կու տայ անհիմն պատճառներով իը եղբօրորդին Գնէլը, ամուսնանալու համար անոր կնոջ` Փառանձեմի հետ։ Մեսրոպի այս գրքին առաջին հրատարակութիւնը տեղի ունեցած է Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ, 1775-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.