2012-11-14 12:30:32

Եգիպտոսի Հանրապետութեան Նախագահը Հրաւիրուած Է Ղպտիներու Նոր Պատրիարքի Օծման Արարողութեան։


Անցեալ 4 նոյեմբերին եգիպտոսի մէջ տեպի ունեցաւ Ղպտի եկեղեցւոյ նոր Պատրիարքի ընտրութիւնը յանձինս Թաուատրոս Բ Պապին։ Անոր օծման արարողութիւնը նախատեսուած է յառաջիկայ կիրակի18 նոյեմբերին։ Սոյն արարողութեան հրաւիրուած է նաեւ Եգիպտոսի հանրապետութեան նախագահը Մոհամէտ Մորսի։Ծիսակատարութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն զանազան երկիրներէն ու եկեղեցիներէն եկած քաղաքական ու եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնի անդամներ։
Յայտնենք որ Ղպտի եկեղեցւոյ Շենուտա Գ պատրիարքը իր մահկանացուն կնքած էր անցեալ 17 մարտին ու Թաուատրոս Բ անոր կը յաջորդէ որպէս ղպտիներու 118-րդ Պապ։Նշենք ոը օծման արարողութեան ներկայ կը գտնուի նաեւ Քրիստոնեաներու Միութեան Խորհուրդի Նախագահ Կարդինալ Գուրդ Գոխ։








All the contents on this site are copyrighted ©.