«Ընթացող Բռնարարքները Սուրիան Դէպի Քայքայում Կը Տանին» Կ՛ըսէ Նեպիլ Արապի: Ֆրանսա
Արեւմտեան Առաջին Երկիրներէն՝ Որը Պաշտօնապէս Կը ճանչնայ Սուրիոյ Ընդդիմադիր Ուժերու
Ազգային Համախմբումը։
Եւրոպական Միութեան եւ Արաբական Լիկայի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները
երէկ Գահիրէի մէջ ժողով մը գումարեցին: Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր
նիստի բացման ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ «մենք Սուրիոյ տառապանքին
ժխտական անդրադարձները կը զգանք»` նշելով, որ «Սուրիոյ տագնապին լուծումը մեր պարտաւորութիւնն
է»: Ան կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ մարդկային եւ փոքրամասնութեանց իրաւունքները յարգելու: Արաբական
Լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի յայտնեց, որ «ընթացող բռնարարքները իշխանութեան
կարծր կեցուածքին պատճառով Սուրիան` արաբական երկիրը դէպի քայքայում կը տանին»: Ան ըսաւ,
որ իշխանութիւնը պատերազմական բոլոր զէնքերը օգտագործեց, իսկ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը
այդտեղ տեղի ունեցող արիւնահոսութիւնը դադրեցնելու առնչութեամբ անկարող գտնուեցաւ: Արապի
նշեց, որ Սուրիական յեղափոխական ուժերու եւ ընդդիմութեան ազգային համաձայնական մարմինի
կազմութիւնը յոյսի նշոյլ մըն է, որ ձեռք բերուեցաւ Քաթարի հովանաւորութեամբ եւ մեծ ջանքերէ
ետք: Ան յոյս յայտնեց, որ սուրիական ընդդիմութեան մնացեալ խմբաւորումները եւս այդ մարմինին
միանան եւ պետութեանց կոչ ուղղեց` զայն ճանչնալու: Արապի բոլորին կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ի
եւ Արաբական Լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի առաքելութեան աջակցելու: Եւրոպական
Միութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Քեթրին Էշթըն վճռակամութիւն յայտնեց
Արաբական Լիկային հետ գործակցելու` նշելով, որ Սուրիոյ իրադարձութիւնները ամբողջ շրջանին
վրայ կ՛ազդեն: Միւս կողմէ, Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ «Ռաշա
Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ազգային համաձայնական
մարմինը ամերիկեան-քաթարական ծրագիր մըն է եւ օտար ուժերը զայն կ՛օգտագործեն Սուրիան
քանդելու համար: Ան նշեց, որ «սուրիական ընդդիմութիւնը սուրիական արտադրութիւն չէ, այլ`
ամերիկեան եւ քաթարական, իսկ անոնք, այսինքն` սուրիացի ընդդիմադիրները ատով հպարտ են»: Իսկ
«Մեհր» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի միջազգային
յարաբերութեանց խորհրդատու Ալի Աքպար Վիլայեթի յայտնած է, որ սուրիական զինեալ ընդդիմութեան
90 առ հարիւրը սուրիացիներէ չէ կազմուած: Ան «արաբական յետադիմական երկիրներ»-ը ամբաստանեց
«Ալ-Քայիտայէն վարձկաններ Սուրիա ուղարկելու եւ քաղաքայիններու սպանութեան համար անոնց
դրամ ցրուելու» յանցանքով` շեշտելով, որ իր երկիրը սուրիական կառավարութեան կը զօրակցի:
«Սուրիոյ նկատմամբ Իրանի զօրակցութիւնը սուրիական կառավարութեան գոյատեւման մէջ գլխաւոր
դերակատարութիւնը ունէր», նշեց ան: