Յարաբերութիւններու Բարւոգում Վատիկանի ու Վիէթնամի միջեւ։
Վիեթնամական Պատուիրակութեան Այցը Վատիկան։ Վիէթնամի միջ-նախարարական
պատուիրակութիւն մը վերջերս այցելած է Վատիկանը եւ վերահաստատած Ս. Աթոռի եւ Վիթէնամի
միջեւ ''բարի կապերը'' ու անցեալ 27 եւ 28 փետրուար 2012-ին Հանոյի մէջ տեղի ունեած երկկողմանի
հանդիպումին շարունակութիւնը որուն ընթացքին Ս. Աթոռը պահանջած էր որ աւելի ազատութիւն
տրուի իր դեսպանին Վիէթնամեան հողին վրայ։ Յայտնենք որ Վիէթնամի կաթողիկէ համայնքը
կը հաշուէ շուրջ 8 միլիոն հաւատացեալ որ կը համապատասխանէ բնակչութեան 7 տոկոսին։