2012-11-13 14:35:36

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը։


Ռատիովատիկանի ընդհանուր տնօրէն` Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին այս շաբթուայ <<Մէկ հայր ու մէկ մայր>> խորագրով խմբագրականը նուիրած է <<ամուսնութեան>> նիւթին ։
Ան անդրադարձած է ամուսնութեան մասին զանազան երկիրներու մէջ ներմուծուած նոր օրէնսդրութեան ինչպէս օրինակ Սպանիան ուր <<ամուսնական միութիւնը>> կարելի է նաեւ միասեռական զոյքի մը միջեւ։
ֆրանսայի մէջ եւս` կառավարութիւնը օրինագիծ մը ներկայացուցած է ուր միասեռնրեու միջեւ ամուսնութիւնը կարելի կը նկատուի, նոյնը պատահած է Միացեալ Նահանգներու մի քանի նահանգներու մէջ տեղի ունեցած հանրաքուէարկութեան առթիւ։
Արդ յստակ է - կը գրէ հայր Լոմպարտին - որ Արեւմտեան աշխարհի մէջ միտում կայ փոփոխութեան ենթարկելու Ամուսնութեան աւանդական տեսութիւնը որ այր ու կնոջ միջեւ միութիւն մըն է։
Այս բոլորը դժբախտաբար թէեւ նորութիւն մը չեն սակայյն զարմանք կը պատճառեն - Կը հաստատէ Յիսուսեան միաբանը իր խմբագրականին մէջ - հարց տալով եթէ այս երեւոյթը կը համապատասխանէ ժողովուրդներու իղձին կամ հասարակաց բարիքին։
Հայր Լոմպարտին այս ուղղութեամբ կը մատնանշէ ֆրանսայի Հրեայ Ռաբունապետի ընդդիմութեան ֆրանսայի կառավարութեան ներկայացուցած օրէնքին ու կը հաստատէ որ Եկեղեցին երբէ՜ք պիտի չի դադրի ընկերութենէն պահանջելու յատուկ ուշդրութիւնը ու տեղ` այր ու կնոջ միջեւ ամուսնութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.