2012-11-13 13:18:17

Կարդինալ Սարա Աւարտեց Յանուն Սրբազան Քահանայապետի Լիբանան Կատարած Առաքելութիւնը։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի անունով, 7 - 10 նոյեմբեր, Լիբանան կատարած առաքելութեան աւարտին, Գոր Ունում - Մէկ Սիրտ- Քահանայապետական Բարեսիրական Մարմնի Նախագահ` Կարդինալ Րոպէրդ Սարա\ յայտնած է իր <<յուզմունքն ու խոր ցաւը>> ի տես սուրիացի փախստականներու ապրած <<անասելի տարապանքներուն>>։
Չորս օրուայ առաքելութեան ընթացքին Սրբազան Քահանայապետի յատուկ պատուիրակը հանդիպումներ ունեցաւ քաղաքական եւ եկեղեցական իշխանութիւններու հետ ինչպէս նաեւ կաթողիկէ բարեգործական հաստատութիւններուն հետ համադրեց սուրիոյ բնակչութեան ի սպաս օժանդակութիւնները։
Ըստ Մակի փախստականներու գրասենեակին մինչեւ օրս աւելի քան 408 հազար սուրիացիներ ապաստան գտած են Թուրքիայ, Լիբանան եւ Յորդանան։
Ռատիովատիկանի հետ ունեցած հարացազրոյցի ընթացքին Կարդինալ Սարան ընդգծած է քրիստոնեաներու մտավախութիւնը մահմետական ծայրայեղութեան յառաջացումէն։ Խօսելով ապա Սրբազան Քահանայապետի ուղարկած նիւթական օժանդակութեան Կարդինալ Սարա հաստատած է թէ 1 միլիոն տոլարը <<կաթիլ մըն է>> ի տես իսկական պահանջներուն։ Այդ գումարէն (1 միլոն) 700 հազարը յատկացուեացաւ Սուրիոյ մէջ ապրող բնակչութեան իսկ մնացած 300 հազարը բաժնուեցաւ, Լբանան, Յորդանան եւ Թուրքիայ ապաստանած սուրիացիներուն - յայտնեց Կարդինալ Սարան - մաղթանք յայտնելով որ օժանդակութիւնները շարունակուին որովհետեւ գաղթականներու թիւը օրէ օր աճում կ՛արձանագրէ։
Քահանայապետի յատուկ Պատուիրակը ապա յոյս յայտնեց որ միջզգային հասարակութիւնը ունկնդրէ Սրբազան Քահանայապետի համերաշխութեան եւ խաղաղութեան ի սպաս ուղղած կոչը, աւելցնելով որ Միջին Արեւեքլի մէջ Եկեղեցին զօրակից է ամէնուն հետ, նոյնիսկ այլ կրօնի պատկանող հաւատացեալներուն նկատմամբ։ Կարդինալ Սարա հուսկ հրաւիրեց Քրիստոնեաները Տիրոջ աղօթելու որ առաջնորդէ պատասխանատուներուն քայլերը որպէսզի յանգին արդար եւ խաղաղ լուծումներու։








All the contents on this site are copyrighted ©.