2012-11-12 12:04:15

Սուրիոյ Պատերազմը։ Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցին Եւ Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրը Վնասուած` Բախումներու Պատճառով։


Սուրիոյ մէջ կառավարական զօրքերուն եւ զինեալ ընդդիմութեան միջեւ շարունակուող բախումներուն պատճառով էական վնաս կրած է Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցին:
Բերիոյ թեմի Ազգային Առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան (Tert.am լրատուական կայքէջին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին) ըսած է , որ Եկեղեցին եւ Մեծ Եղեռնի նահատակներու Յուշահամալիրը վնասուած են յարակից շէնքերուն մօտ տեղի ունեցած կրակոցներու եւ պայթումներու պատճառով:
Այս ՝՝Եկեղեցի-Յուշահամալիրին՝՝ մէջ ամփոփուած են Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին Տէր Զօրի անապատներուն մէջ զոհուած բազմաթիւ Հայերու Մասունքները, իսկ Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ Ցեղասպանութիւնը հաւաստող բազմաթիւ վաւերագիրներ կան:
Իմանալէ ետք, որ Տէր Զօրի Յուշահամալիրը ռմբակոծման պատճառով ենթարկուած է լուրջ վնասներու, Արամ Ա. Կաթողիկոս անմիջապէս կապ հաստատած է Հալէպի Ազգային Առաջնորդարանին հետ:
Վեհափառ Հայրապետը նախ տեղեակ դարձած Յուշահամալիրին կրած վնասներէն: Յստակ է, թէ Յուշահամալիրը որեւէ ձեւով թիրախ չէ դարձած ռմբակոծումի կամ կողոպուտի: Անոր կրած վնասները հետեւանք են իր մօտակայքը ինկած քանի մը ռումբերու:
Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնած է մեր հոգեւոր ու ազգային պատասխանատուներուն կողմէ մեր ժողովուրդին կատարուող ծառայութիւններուն համար: Իր հայրական քաջալերանքին ու թելադրութիւններուն կարգին Վեհափառ Հայրապետը շեշտած որ «Տէր Զօրի Յուշահամալիրը պիտի վերանորոգուի, անմիջապէս որ ապահովութիւնը վերահաստատուի»:
ՄԻՒՍ կողմէ, երէկ երեկոյեան ժամը 6:20-ին, հինգ հրասանդի հրթիռներ ինկան Հալէպի Վիլլաներ թաղամասի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ թաղին մէջ: Սկզբնական տեղեկութիւններու համաձայն, ֆիզիքական կորուստներ չկան, սակայն կարգ մը շէնքերու տանիքներ վնասուած են, կը լսուին նաեւ կրակոցներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.