2012-11-12 12:42:37

Սուրբ Միքայէլ Հրեշտակապետի Տօնը Զմմառու Վանքէն Ներս


Ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ հայրական պատգամը եւ քաջալերական խօսքը ժառանգաւորներուն, որ հաւատարմօրէն շարունակեն իրենց ընթացքը:
Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան Ընծայարանի պաշտպան սուրբին՝ սուրբ Միքայէլ հրեշտակապետի տօնին Զմմառու վանքէն ներս սուրբ Պատարագը մատոյց վանքի մեծաւոր Գերպծ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան: Սուրբ Միքայէլ Ընծայարանի ժառանգաւորներուն հետ միասին, սուրբ պատարագին մասնակցեցան Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէր ը եւ Լիբանանի քահանայից դասը ինչպէս նաեւ հրաւիրեալներ:
Իր խօսքին մէջ, մեծաւոր հայրը անդրադարձաւ այս իւրայատուկ տօնին իմաստին, ինչպէս նաեւ Զմմառու նորընծայարանի կարեւորութեան մասին: Ան քաջալերեց նորընծաները աշխոյժօրէն շարունակելու իրենց ուսումները եւ զարգացնելու իրենց հոգեւոր կեանքը:Պատարագի աւարտին, բոլորը միասնաբար ուղղուեցան նորընծայարանի ճաշասրահը մասնակցելու եղբայրական ագապին: Որմէ ետք տեղի ունեցաւ ( աւանդութեան համաձայն)
յատուկ հանդիսութիւն մը որուն ընթացքին ժառանգաւորները ներկաներուն հրամցուցին գեղեցիկ ու կոկիկ յայտագիր մը: Եղբայր Տիգրան Փիլիպպոսեան իր բացման խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն ու քաջալերանքին, եւ խնդրեց որ բոլորը աղօթեն իրենց կոչումներուն համար որպէսզի անոնք հաստատ քայլերով շարունակեն իրենց ընթացքը: Ապա եղբայր Պարգեւ մեներգեց Բարի Արագիլը: Երկու խմբային երգերով հանդէս եկան ժառանգաւորները: Ապա տիրացու Ղազար մեներգեց ՜՜Ave Maria-ն՝՝ ու Կոմիտաս Վարդապետի ՜՜Գարուն ա-ն՝՝:
Հանդիսութեան ընթացքին, Մանուէլ Եպս. Պաթագեան նուագեց ՜՜Հայաստան աշխարհ եւ Կիլիկիա՝՝ն, որը երգեցին բոլոր ներկաները:
Ապա Զմմառու վանքի տեսուչ Հ. Բարսեղ Վրդ. Պաղտասարեան, իր սրտին խօսքը փոխանցեց, որմէ ետք, նորընծաները շնորհաւորեցին մեծաւոր հօր անուանակոչութիւնը: Ապա անոնք յիշեցին նաեւ Արհի. Մանուէլ Եպս. Պաթագեան գերապայծառին ու գերյարգելի Սարգիս Ծ Վրդ. Դաւիթեանի տարեդարձները, ինչպէս նաեւ՝ Հ. Նարեկ Լուիսեանի քահանայական ձեռնադրութեան 14-րդ տարեդարձը :
Իր սրտին խօսքը փոխանցեց նաեւ Մեծաւոր Հայրը որ ՜՜յիշեց իր աշակերտական տարիները, ու խնդրեց բոլոր նորընծաներէն, որ իրենց սրտերը նուիրեն Զմմառու Աստուածամօր՝՝:
Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը, իր հայրական պատգամը փոխանցելով քաջալերեց ժառանգաւորները, որ հաւատարմօրէն շարունակեն իրենց ընթացքը: Ապա Տէրունական աղօթքով փակեց օրուան հանդիսութիւնը:









All the contents on this site are copyrighted ©.