2012-11-12 13:00:16

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Այցելեց Հռոմի Տարեցներու Հանգստեան Տուն Մը։


Երկուշաբթի 12 նոյեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 11-ին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը այցելութիւն մը կատարեց Հռոմի մէջ գտնուող "Viva gli anziani !" կոչուած եւ Սանդ Էճիտիօ - Սուրբ Էճիտիոս- հասարակութեան կողմէ մատակարարուած, տարեցներու հանգստեան տան։ Սրբազան Քահանայապետի այս այցելութիւնը տեղի ունեցաւ տարեցներու Եւրոպական տարւոյն առթիւ։

Անոնց ուղղած իր ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
ձեր մօտ կու գամ որպէս Հռոմի եպիսկոպոս եւ միեւնոյն ատեն որպէս ծերունի մը որ իր տարեկիցները կ՛այցելէ։ Քաջ կը ճանչնամ ձեր ապրած դժուարութիւնները, ձեր հարցերն ու այս տարիքի սահմանները եւ գիտեմ թէ այս դժուարութիւններուն կից, շատերուն համար, կայ նաեւ տնտեսական ճգնաժամը։
Որոշ տարիքէ մը ետք կը պատահի որ ցաւով նայինք անցեալին ու փնտռենք երիտասարդութեան աշխուժ օրերը։ Այս առաւօտ կ՛ուզեմ ձեզի ըսել թէ ծեր ըլլալը գեղեցիկ է։Ամէն տարիքի պէտք է յայտնաբերել Աստուծոյ օրհնութիւնը ու այդ օրհնութեան հարստութիւնը։ Մենք ունինք երկար կեանքի պարգեւը։ Այս տարիքին եւս կեանքը գեղեցիկ է հակառակ հիւանդութիւններուն ու սահմանումներուն։
Հին կտակարանին մէջ երկար կեանքը նկատուած է որպէս Աստուծոյ օրհնութիւն, թէեւ այսօրուայ ընկերութիւնը որ շահոյթը եւ արդիւնքը կը փնտռէ, չ՛ուզեր ընդունիլ այս իրողութիւնը - ընդգծեց Սրբազան Հայրը - ու ապա ակնարկեց Սանդ Էճիտիօ հասարակութեան տարեցներու ի սպաս գործունէութեան ու Տարեցներու Եւրոպական Տարւոյն նշումին ու նաեւ սերունդներու միջեւ զօրակցութեան կարեւորութեան։ Ան ապա հաստատեց որ ծերունիները արժէք մըն են ընկերութեան համար ու երիտասարդներուն համար օրինակ`։ Ծերերու կեանքի փորձառութեան մէջ երիտասարդները կրնան թանկարժէք ուղեցոյց մը գտնել։
Կեանքի մեր այս հանգրպուանին շատ անգամներ կարիքը ունինք ուրիշի օգնութեան - յարեց Նորին Սրբութիւնը - մատնանշելով թէ <<այս մէկը կը պատահի նաեւ Սրբազան Պապին>>։ Ոչ մէկը կրնայ միայնակ ապրիլ։Այս իրողութեան մէջն ալ տեսնելու ենք Տիրոջ պարգեւը, որովհետեւ ուրիշի նեցուկը ունենալը եւ անոր գուրգուրանքը վայելելը` շնորհք մըն է ։

Սիրելի բարեկամներ -ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը ճառը եզրափակելով- հակառակ այս տարիքի բոլոր դժուարութիւններուն դուք կը մնաք ընկերութեան հարստութիւնը եւ կեանքի այս հանգրուանը Աստուծոյ կողմէ պարգեւ մըն է որպէսզի Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը ամրապնդենք։ Երանելի ՅՊԲ-ի օրինակը բոլորիս համար լուսաւորիչ է։ Մի մոռնաք թէ աղօթքը կենսունակ միջոց մըն է. Եղէ`ք Աստուծոյ մօտ միջնորդներ, աղօթելով` հաւատքով եւ յարատեւօրէն։ Աղօթեցէք եկեղեցիին ու նաեւ ինծի համար, աղօթեցէք աշխարհի պահանջներուն համար, աղքատներուն համար եւ աշխարհի մէջ բռնութիւններու դադրեցումին համար։
Տարեցներու աղօթքը կրնայ աշխարհը բարեփոխել։Պապը ձեզ կը սիրէ եւ ձեր վրայ մեծ վստահութիւն ունի - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - ու ապա հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը, որ իր մայրական սիրով առաջնորդէ անոնց քայլերը, բոլորին տուաւ իր առաքելական օրհնութինը։








All the contents on this site are copyrighted ©.