Միլանոյի մշակութային կեդրոնը քաղաքի կաթողիկէ համալսարանի մէջ կազմակերպած է շարք մը
դասախօսութիւններ` ''ճշմարտութեան վկաներ'' նիւթին մասին։ Նախաձեռնութեան նպատակն է քննարկել
թէ քրիստոնէական հաւատքը ի՞նչ կու տայ այսօրուայ աշխարհին։ Առաջին դասախօսութեան բնաբանն
է. ''երբ հաւատքն ու գիտութիւնը միատեղ կը գտնուին անհատին մէջ''։