2012-11-12 12:08:19

Հալէպի Քաղաքապետն Ու «Պաաս» Կուսակցութիւնը Երախտագիտութիւն Յայտնած՝ Հայերուն Մարդասիրական Օգնութեան Համար։


Հալէպի մէջ արդէն սկսած են բաժնել հայաստանեան երրորդ մարդասիրական օգնութեան ծանրոցները: Սուրիացիներուն տրուող օգնութեան տրամադրումը կ’իրականացուի Հալէպի կարմիր մահիկի, Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի, ինչպէս նաեւ Հալէպի շտապ օգնութեան մարմնի եւ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան համագործակցութեամբ:
«Պաաս» կուսակցութեան Հալէպի մասնաճիւղի քարտուղար Հիլալ Հիլալ նշած է, որ սուրացիները բարձր կը գնահատեն հայերու կողմէ կատարուած այս մարդասիրական քայլը, ինչ որ կ’ապացուցէ հայ-սուրիական շատ սերտ համագործակցութիւնը:
Հալէպի քաղաքապետ Մուհամմատ Ուահիտ Աքքատ իր հերթին նշած է, որ հայկական մարդասիրական օգնութիւնը ցոյց կու տայ խոր բարեկամական եւ եղբայրական յարաբերութիւններու գոյութիւնը սուրիացի եւ հայ ժողովուրդներու միջեւ` աւելցնելով, որ սուրիացիները երբեք պիտի չմոռնան այս օգնութիւնները:
Հայաստանէն Սուրիա մարդասիրական օգնութեան երրորդ օդանաւը Հալէպ հասած է Նոյեմբեր 8-ին: «Օգնիր Եղբօրդ» նախաձեռնութեամբ Հոկտեմբեր 15-ին «Էյր Արմէնիա» բեռնատար օդանաւով Սուրիա ուղարկուած էր առաջին օգնութիւնը` 15 թոն բեռ: Հոկտեմբեր 22-ին «Սուրիական օդանաւային ընկերութիւն»-ը ՝՝Երեւան-Հալէպ՝՝ թռիչքով Սուրիա տեղափոխուած էր մօտ երկու թոն մարդասիրական օգնութիւն, ներառեալ` առաջին անհրաժեշտութեան դեղորայք, իսկ Նոյեմբեր 8-ին` կրկին «Էյր Արմէնիա»-ն Սուրիա տեղափոխած էր 13 թոն մարդասիրական օգնութիւն:








All the contents on this site are copyrighted ©.