2012-11-12 12:10:26

Կազայէն Իսրայէլի Վրայ Շուրջ 30 Հրթիռներ Արձակուած։


Երէկ Կազայէն Իսրայէլի վրայ շուրջ 30 հրթիռներ արձակուած է: Վիրաւորուած են իսրայէլացի 4 քաղաքայիններ եւ վնասուած են քանի մը շէնքեր:
Իսրայէլեան բանակը, պատասխանելով հրթիռարձակումին, Կազայի հիւսիսարեւմտեան շրջանին մէջ քանի մը թիրախներ հարուածեց: Ըստ զինուորականներու տուեալներուն, յարձակումի ենթարկուած են զէնքի պահեստանոցներ, ինչպէս նաեւ ՝՝այն վայրերը՝՝ ուրկէ հրթիռները արձակուած էին:
Ըստ պաղեստինեան աղբիւրներու, Կազայի մէջ արձանագրուած է զոհ մը եւ մի քանի վիրաւորներ: Նշենք, որ 10 Նոյեմբերի երեկոյեան իսրայէլեան հարուածներու պատճառով Կազայի մէջ առնուազն 5 զոհեր եւ 20 վիրաւորներ արձանագրուած էին:








All the contents on this site are copyrighted ©.