2012-11-11 12:34:29

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը։


Կիրակի 11 Նոյեմբեր 2012 - ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը կէսօրին, Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատուհանէն, Ս. Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ Սրբազան Քահանայապետը խորհրդածութիւն մը կատարեց` օրուան սուրբ գրային ընթերցումներուն վրայ, ուր կը խօսուի երկու այրի աղքատ կիներու մասին։
Առաջին պատմուածքը քաղուած էր հին կտակարանի Թագաւորաց առաջին գիրգէն մինչ երկրորդը Մարկոսի աւետարանէն ուր աղքատ այրի կին մը տաճարի գանձանակին մէջ երկու լումայ կը ձգէ եւ Յիսուս, այս տեսնելով, իր աշակերտներուն կ՛ըսէ թէ <<այս աղքատ այրին աւելի դրաւ քան միւս բոլոր հարուստները>> որովհետեւ <<դրաւ` ինչ որ ունէ իր ապրուստին համար>>։
Յիսուս - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - մեզ կը հրաւիրէ արդար ու բարի նայուծքով դիտելու անցուդարձերը։
Յաճախ երեւոյնթները մեր ընտրանքները կը պայմանաւորեն առ այդ պէտք է փորձենք ենթադրութիւններէն անդին նայիլ ու այպէս ընել որ բարութեան բոցը լուսաւորէ մեր դատողութիւնը։ Այսպէսով` Աստուծոյ եւ ուրիշներուն հետ մեր ունեցած յարաբերութիւնը կը դառնայ ճշմարիտ ու մեր ընտրանքը` աւելի ազատ։ Խոնրահութիւնը մեզի կը սորվեցնէ թէ մենք` ենք ինչ որ ենք Աստուծոյ առջեւ։
Թող Սուրբ Կոյս Մարիամը, օրինակ հանդիասանայ մեզի ումեզ օգնէ, այս Հաւատոյ Տարուայ ընթացքին, մեր վստահութիւնը աւելցնելու Աստուծոյ ու Անոր Խօսքին վրայ ըսաւ Սրբազան Հայրը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։ Հուսկ զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները յատուկէն ակնարկելով Իտալիոյ Սբոլէթօյի Մայր Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Իտալացի Պենետիկտեան կրօնաւորուհի Մարիա Լուիզա Փրոսբերի՝ Երանացման արարողութեան ու ապա բոլորին մաղթելով բարի կիրակի ջամբեց իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.