2012-11-10 12:08:34

Սրբոց Հրեշտակապետաց Տօնը Հայոց Մօտ։


Զմմառու վանքին մէջ տօնակատարութիւն.
Այսօր Շաբաթ 10 Նոյեմբերին հայ եկեղեցին կը յիշատակէ Հրեշտակապետներ՝ Գաբրիէլի եւ Միքայէլի տօնը :
Հրեշտակ կը նշանակէ Պատգամաւոր, Առաքեալ «Ղրկուած»:
Նախապէս անոր կը տրուէր ՜՜երկնային դեսպան, պատգամաւոր, եւ կամ սուրհանդակ նշանակութիւնը՝՝: Աստուածաշունչը կը վկայէ որ հրեշտակները իբրեւ ՜՜լուսեղէն՝՝ ստեղծուած են առաջին օրը, լոյսի հետ միասին:
Անոնք ժամանակի ներգործութենէն չեն ազդուիր եւ սեռային յատկանիշներ չունին:
Աստուածաշունչին մէջ հրեշտակներու մասին ակնարկութիւնները շատ են:
Անոնք կը ներկայացուին իբրեւ ՜՜բազմաթիւ, մեծագործ եւ զօրաւոր էակներ՝՝:
Հին Կտակարանին մէջ անոնք Աստուծոյ ներկայացուցիչները կը նկատուին, միջնորդներ հոգեւոր եւ նիւթեղէն աշխարհներուն միջեւ:
Անոնք ունին իրենց ղեկավարները, որոնցմէ ամենէն աւելի ծանօթ են՝ Գաբրիէլը եւ Միքայէլը:
Հին միջնադարեան մանրանկարչութեան մէջ յատկապէս, կը գտնենք Գաբրիէլ հրեշտակապետի պատկերը, Տիրամօր աւետելու ատեն:
Տօն Հրեշտակապետաց Զմմառու վանքին մէջ
Շաբաթ 10 Նոյեմբեր 2012-ին, Սրբոց Հրեշտակապետացն՝ Գաբրիէլի, Միքայէլի և Ռափայէլի, Սէրովբէից, Քերովբէից եւ ամենայն Երկնային Զօրացն տօնին առիթով, Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութիւնը տօնեց իր զոյգ Ընծայարաններու՝ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի եւ Սուրբ Միքայէլ Հրեշտակապետի անուանակոչութեան օրը:
Ս. Պատարագը մատոյց Միաբանութեան Ընդհանուր Փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր՝ գերպծ. հայր Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան, աւարտին տեղի ունեցաւ եղբայրական ագապ դպրեվանքի ճաշարանին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.