2012-11-10 11:04:15

ՀԱՒԱՏՈՅ ՏԱՐԻ -
Հաւատոյ Հանգանակը՝


«Հաւատոյ հանգանակ» ըսելով՝ ամէնէն առաջ պէտք է հասկնալ ինչ որ Առաքեալները, հաւատքի մէջ՝ այս մեր վարդապետներն ու առաջնորդները, Աստուծոյ Ս. Հոգիէն ներշնչուած՝ ամփոփած են Հանգանակի 12 կէտերու մէջ: Անոնք, ընդունելէ ետք մեր Տիրոջմէն «իր Դեսպանները ըլլալու եւ ամբողջ աշխարհի մէջ՝ բոլոր արարածներուն Ս. Աւետարանը քարոզելու» հրամանը, յարմար դատեցին Քրիստոնէական Հաւատքի բանաձեւ մը շարադրել, որպէսզի ամէնքը ունենային միեւնոյն հաւատքը եւ միեւնոյն արտայայտութեան կերպը, որպէսզի բաժանում եւ պառակտում չ՛ըլլայ անոնց միջեւ՝ որոնք նոյն հաւատքը ունենանլու պիտի կանչուէին, եւ որպէսզի ամէնքը միացած ըլլային միեւնոյն հոգիով եւ միեւնոյն զգացումով:
Քրիստոնէական Հաւատքի եւ Յոյսի այս դաւանութիւնը՝ անոնք կոչեցին «Հանգանակ», ըլլայ որովհետեւ զայն կազմեցին այն բոլոր ճշմարտութիւններէն՝ զորս անոնցմէ իւրաքանչիւրը բանաձեւեց, ըլլայ որովհետեւ ուզեցին զայն գործածել իբրեւ նշան մը, կարգախոս մը, որով Քրիստոսի ճշմարիտ հետեւորդները դիւրաւ պիտի զանազանուէին դասալիքներէն եւ սուտ եղբայրներէն, որոնք կը սպրդէին Եկեղեսիէն ներս, Ս. Աւետարանը խաթարելու դիտումով: Հետեւաբար, եկեղեցւոյ պաշտօնական Հաւատքի Հանգանակը խմբագրուեցաւ Նիկիոյ 325 թուի Տիեզերական Ա Ժողովին, ուր, Հաւատամքը գրի առնուեցաւ Քրիստոսի Եկեղեցւոյն առաջին ներկայացուցիչներուն կողմէ, հերքելով ամէն տեսակի սխալ ուսուցում եւ մնայուն կերպով Եկեղեցին հիմնելու նոյն բանաձեւումին վրայ:
Նիկիոյ Հանգանակը Տիեզերական երեք ժողովներուն կողմէ կնքուեցաւ ու մնաց բոլոր ժամանակներու բոլոր եկեղեցիներուն Հանգանակը։ Ան դիմացած է դարերու ընթացքին տեղի ունեցած եկեղեցւոյ այլազան բաժանումներուն եւ տարակարծութեանց, մնալով միշտ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ, արեւմտեան եւ արեւելեան եկեղեցիներու անխախտ հաւատքի հիմը, որուն դիմաց մերժուեցան ու հերքուեցան ամէն տեսակի հերետիկոսութիւնները։ Ամենօրեայ խոստովանանք մըն է ան զոր հաւատացեալները կ՛արտասանեն միաբերան, առանց որուն ոչ մէկ Խորհուրդ կը կատարուի եկեղեցիներէն ներս: Հաւատոյ Հանգանակը հիմն է Հայր Աստուծոյ, Քրիստոսի եւ Ս. Հոգիի ճշմարիտ ուսուցումներուն որոնց հետեւած է միշտ հաւատարմօրէն մեր Հայոց Եկեղեցին։
Ճշմարտութիւնները, զորս Քրիստոնէական Հաւատքը կը սորվեցնէ եւ որոնց հաւատացեալները հաստատապէս հաւատալու են, բաւական բազմաթիւ են: Սակայն անոնց մէջ, առաջինը եւ ամէնէ կարեւորը, որ հաւատքին կատարը եւ հիմը կը կազմէ, եւ զոր Աստուած ինքը մեզի յայտնած է թէ Աստուածային բնութիւնը մէկ է, երեք զանազան (աստուածային) անձեր կան, անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իւրայատուկ գործողութիւն մը:
Հանգանակը իր ներկայ ձեւին մէջ կը թուի բաժնուած ըլլալ երեք մասերու. առաջինը կը խօսի աստուածային առաջին Անձին եւ Արարչագործութեան սքանչելի գործին մասին. երկրորդը՝ Աստուածային երկրորդ Անձին եւ մարդոց Փրկչագործութեան մասին, որ աղբիւրը եւ սկիզբն է մեր սրբութեան:
Այս երեք մասերը իրարմէ կը զանազանուին, թէպէտ կապուած են իրարու: Հայրերու կողմէ գործածուած նմանութեան մը համեմատ զանոնք կը կոչենք յօդուածներ: Ինչպէս որ մեր անդամները ունին որոշ յօդեր, որոնք զանոնք կը յատկանշեն եւ իրարմէ կը բաժնեն, այսպէս ալ, այս հաւատոյ դաւանութեան մէջ, իրաւամբ յօդուածներ կը կոչուին այն ճշմարտութիւնները, որոնց յատուկ եւ առանձին կերպով պէտք է հաւատանք:








All the contents on this site are copyrighted ©.