2012-11-10 12:09:17

Դեկտեմբերին Պիտի Սկսին Երեւան-Հռոմ-Երեւան «Ալիթալիա»ի Թռիչքները.


Հայաստանի մէջ պիտի սկսի գործելու Եւրոպայի մեծագոյն օդանաւային ընկերութիւններէն մէկը՝ «Ալիթալիան»: Իտալիոյ ազգային օդանաւային ընկերութիւնը Դեկտեմբեր 11էն սկսեալ "Երեւան-Հռոմ-Երեւան" ուղղութեամբ թռիչքներ պիտի կատարէ: Ընկերութիւնը ունի այն կարծիքը, որ այս նոր ուղղութիւնը կ՛ամրապնդէ իր դիրքերը Հարաւային Կովկասի մէջ, ուր արդէն իսկ տեղի կ՛ունենան "Հռոմ-Թիֆլիս-Հռոմ" թռիչքները:
9 Նոյեմբերին Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին «Ալիթալիա»ի Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ, Պելոռուսի, Վրաստանի եւ Հայաստանի գլխաւոր տնօրէն Ճովաննի Սիմոնինի յայտարարեց, որ «A320» օդանաւով շաբաթական երկու թռիչքներ պիտի կատարուին ։ Հայաստանի մէջ ընկերութեան վաճառքի եւ ծառայութիւններու գործակալը «Ֆեստա Թուր Ավիա» ընկերութիւնն է:

"Հռոմ-Երեւան" թռիչքները պիտի կատարուին Երեքշաբթի եւ Ուրբաթ, իսկ "Երեւան-Հռոմ" թռիչքները՝ Չորեքշաբթի եւ Շաբաթ օրերը, անոնք պիտի տեւեն մօտ 4 ժամ: Սիմոնինիի համաձայն, իրենք «շատ մրցունակ» գիներ կ՛առաջարկեն (երկկողմանի տոմսին արժէքը դէպի Հռոմ՝ 299 Էուրօ) (380 տոլար), քանի որ նոր ուղղութիւն կը բացուի եւ պէտք է ճամբորդները ներգրաւել։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ է կարծիքը «Զուարթնոց»ի սպասարկման գիներուն մասին, որոնցմէ անընդհատ կը բողոքէ Հայաստանի ազգային օդանաւորդութեան «Արմաւիա» ընկերութիւնը՝ Սիմոնինի յայտնեց, որ իրենք շատ գոհ են օդակայանին հետ կնքուած համաձայնագիրէն։
Ասուլիսին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Պրունօ Սքափինին, որ նկատել տուած է, թէ «Ալիթալիա»ի գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ «պատմական կարեւոր հանգրուան է» երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման իմաստով:
«Նկատի ունենալով, որ Հայաստանը դէպի ծով ելք չունեցող պետութիւն է, եւ նկատի ունենալով սահմաններուն վիճակը, կը կարծեմ, թէ իր այս որոշումով «Ալիթալիա»ն պիտի օժանդակէ Հայաստանի տնտեսութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու զարգացման», յայտնած է դեսպանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.