Միջազգային ոստիկանութիւնը՝ «Ինթըրփոլ»ը, իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով պիտի
ղեկավարուի կնոջ մը կողմէ, երբ ֆրանսացի Միրէյ Պալեսթրազի պիտի ստանձնէ անոր նախագահութիւնը:
58ամեայ
Պալեսթրազի Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 8ին ընտրուեցաւ այս պաշտօնին: Մինչ այդ, ան կը ղեկավարէր
«Ինթըրփոլ»ի եւրոպական բաժինը, եւ Պորտոյի ու Քորսիքայի մէջ յատկանշական արշաւներ մղած
էր քրէական խմբաւորումներու դէմ: